Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին այսօր կը հրաժեշտ տայ իր երկարամեայ ու նուիրեալ սպասաւորներէն մէկուն։ 90 տարեկանին վախճանած Արհի. Յովսէփ Եպս. Առնաութեան իր կեանքը նուիրեց Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին՝ տասնամեակներ շարունակ ծառայելով Հալէպի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տարբեր համայնքներուն ու կառոյցներուն։ Անոր մահը կը փակէ հոգեւոր ծառայութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ եկեղեցական պատասխանատուութեամբ լեցուն կեանքի մը էջը։
Հակիրճ կենսագրական գիծեր.-
Արհի. Յովսէփ Եպս. Առնաութեան իր հոգեւոր եւ եկեղեցական ծառայութիւնը սկսած էր պատանի տարիքէն եւ շուրջ վեց տասնամեակ շարունակ ծառայած էր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տարբեր կառոյցներու եւ համայնքներու մէջ։
Աւազանի անունով Ժոզէֆ, ծնած էր Հալէպ, 2 Մայիս 1936-ին։ Նախնական ուսումը ստացած էր Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանին մէջ։ 19 Յուլիս 1947-ին մուտք գործած էր Զմմառու նորընծայարան՝ սկսելով իր հոգեւոր կազմութիւնը։
1954-ին աւարտած էր երկրորդական ուսումը՝ Զմմառեան նորընծայարանին եւ Ճունիէի Մարիսթ եղբայրներու վարժարանին մէջ։ 1955-ին մեկնած էր Հռոմ եւ հետեւած՝ Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանի ուսումնական ծրագիրին։ 1955-1959 տարիներուն փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան ուսումները շարունակած էր Գրիգորեան համալսարանին մէջ՝ Յիսուսեան հայրերու առաջնորդութեամբ։
Առողջական պատճառներով ուսումները ժամանակաւորապէս ընդհատելէ ետք, ան վերսկսած էր աստուածաբանութեան ուսումը եւ 1966-1969 տարիներուն հետեւած՝ Պէյրութի Ս. Ժոզէֆ Յիսուսեան հայրերու համալսարանի դասընթացքներուն։
2 Փետրուար 1969-ին ստացած էր կիսասարկաւագութեան, իսկ 25 Մարտին՝ սարկաւագութեան աստիճանը։ 5 Ապրիլ 1969-ին, Հալէպի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Արհի. Գէորգ Արք. Լայեաքեանի, ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ՝ անդամակցելով Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան։
Հովուական եւ միաբանական ծառայութիւն
Քահանայական ձեռնադրութենէն ետք, Հայր Առնաութեան ծառայած էր Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքին։ 1969-1982 տարիներուն եղած էր Հալէպի նորընծայարանի վերակացու, ապա՝ տեղւոյն Աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ։
1982-1984 տարիներուն ժողովրդապետ եղած էր Փարիզի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ։ 1984-1990 տարիներուն ստանձնած էր Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդի եւ Զմմառու Մայրավանքի մեծաւորի պաշտօնները։
Իր մեծաւորութեան շրջանին՝ 1986-ին, պաշտօնապէս հրատարակուած էր Զմմառեան Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Կանոնագիրքը՝ միաբանութեան կազմակերպական եւ կանոնական կեանքի կարեւոր հանգրուաններէն մէկը։
Եպիսկոպոսական ծառայութիւն
21 Օգոստոս 1989-ին Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսը Արհի. Յովսէփ Հայր Առնաութեանը ընտրած էր Բարձր Ճէզիրէի թեմական եպիսկոպոս։ 18 Մարտ 1990-ին ան Հալէպի մէջ եպիսկոպոս օծուած էր։
Եպիսկոպոսական ծառայութեան ընթացքին ան ձեռնարկած էր Տէր Զօրի եկեղեցւոյ եւ անոր սրահին շինարարական աշխատանքներուն։
1992-ին հրաժարած էր Բարձր Ճէզիրէի թեմի ծառայութենէն։
24 Մայիս 1994-ին Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը զինք նշանակած էր օգնական եպիսկոպոս՝ Լատին Ամերիկայի մէջ։
1997-ին Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսը զինք ընտրած էր Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարքական Էքզարկ։
Մասնակցութիւն Եկեղեցւոյ կեանքին
Արհի. Յովսէփ Եպս. Առնաութեան ծառայութեան տարիներուն ստանձնած էր նաեւ տարբեր եկեղեցական պատասխանատուութիւններ։ Ան Պատրիարքական Եպիսկոպոսաց Խորհուրդի անդամ եղած էր մինչեւ 1996 թուականը, իսկ նոյն տարին նշանակուած էր 2000-ամեակի Մեծ Յոբելեանի Յանձնախումբի նախագահ։
Ան մասնակցած էր նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ կեանքին վերաբերող միջազգային հանդիպումներու։ 1998-ին Հռոմի մէջ մասնակցած էր 2000-ամեակի Մեծ Յոբելեանի առիթով 11-12 Փետրուարին տեղի ունեցած ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ՝ 1998-ի Ասիոյ Սիւնհոդոսին եւ 1999-ի Մայիսին կայացած Միջին Արեւելքի Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու Ա. Համագումարին։
Վերջին տարիները՝ Զմմառու Մայրավանքին մէջ
2024-ին Արհի. Յովսէփ Եպս. Առնաութեան վերադարձած էր Լիբանան, իսկ 2025-ին հաստատուած էր Զմմառու Մայրավանքին մէջ, ուր անցուցած էր իր կեանքի վերջին շրջանը։
7 Սեպտեմբեր 2026-ին, 90 տարեկան հասակին, Արհի. Յովսէփ Եպս. Առնաութեան կնքեց իր մահկանացուն։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի 9 Սեպտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Զմմառու Մայրավանքի «Վերափոխման Սուրբ Կուսին» մայր տաճարին մէջ։ Ապա մարմինը պիտի տեղափոխուի եւ ամփոփուի միաբանութեան դամբարանին մէջ։
Յաւիտեանս յիշատակն արդարոյ։
Օգտուած ենք «Ռատիո Վատիկան»ի հայկական ծառայութեան գլխ. Խմբագիր՝ Ռոպէր Աթթարեանի պատրաստած հրապարակումէն։