Ֆլորիան Էսքիւտիէ նշանակուած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, կը տեղեկացնէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը՝ նշելով, որ ան այսօր կը ստանձնէ իր պաշտօնը։
«Բարի գալուստ մեր նորանշանակ դեսպան պարոն Ֆլորիան Էսքիւտիէին, որ այսօր կը ստանձնէ իր պաշտօնը»,– ըսուած է գրառման մէջ։
Էսքիւտիէ նաեւ հայերէն գրառում կատարած է. «Ի՜նչ հաճելի է սեպտեմբերեան գեղեցիկ արեւի ներքոյ Հայաստանի մէջ այսքան ջերմ ընդունելութեան արժանանալը։ Անհամբեր կը սպասեմ հայերու եւ հայուհիներու հետ հանդիպումներուն ու զանոնք ճանչնալուն։ Հպարտ եմ, որ շուտով իմ ներդրումը պիտի ունենամ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի սիրոյ պատմութեան մէջ»։