image

Հայ փաստաբանին դէմ դատական հայց. Քապաթէք Մարկ Կիրակոսէն կը պահանջէ 10 միլիոն տոլար

Հայ  փաստաբանին դէմ  դատական հայց. Քապաթէք    Մարկ  Կիրակոսէն  կը պահանջէ   10 միլիոն տոլար

Լոս Անջելըս շրջանի փաստաբաններու պալատի նախագահ Պրայըն Քապաթէք դատական հայց ներկայացուցած է հայ փաստաբան Մարկ Կիրակոսին դէմ:

Այս մասին լուրը կը փոխանցէ labusinessjournal կայքը: Աղբիւրը կը նշէ, որ Քապաթէք, որ երկար ատեն մը գործակիցն էր Կիրակոսին, վերջինէս կը պահանջէ 10 միլիոն տոլարի հատուցում, երկու փաստաբաններուն սեփականութիւնը եղող քաղաքացիական օդանաւի մը ապահովագրական հարկերը չվճարելու, ինչպէս նաեւ արտօնագրեր  չունեցող օդաչուներ գործի կանչելու համար:

Իր կարգին հայ փաստաբանը խօսելով նոյն աղբիւրին յայտնած է, որ իմակով մը տեղեկացած է իր դէմ ընթացք առած դատին մասին եւ  թէ դատական առաջին նիստը պիտի կայանայ ընթացիկ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին:

Աղբիւրը կը նշէ, որ  երկու դատական ոլորտի գործիչները մինչեւ վերջերս կը համարուէին գործընկերներ եւ անոնք միասնական մի  քանի ծրագրեր իրականացուցած են: