image

Գիրքերու ներկայացում Երեւանի մէջ

Գիրքերու ներկայացում Երեւանի մէջ

Ուրբաթ, 19 Օգոստոս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Զարթօնք» օրաթերթի մեծ ընտանիքը, համագործակցութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութեան, հայրենի գրասէր շրջանակը հրաւիրած էր շնորհահանդէսի, ուր ներկայացուեցան նորատիպ երկու արժէքաւոր գիրքեր՝ Զաւէն Մսըրլեանի՝ «Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային-Քաղաքական Գործունէութիւնը» գիրքը

եւ Յովսէփ Արթինեանի՝ «Գուրգէն Եանիգեանի Արարքին Արձագանգներու Եւ Հայ-Թրքական Հակամարտութեան Մասին Հրապարակումներու Մատենագիտութիւն»ը:

Նախաձեռնութեան բեմավար, «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, որ հանգամանօրէն վեր առաւ ազգային գործիչ մտաւորական Մկրտիչ Մսըրլեան ճշմարիտ մտածողի, լաւ պատմաբանի, ընտիր գրողի եւ անաչառ մտածողի յատկանիշները, ըսելով. «Մսըրլեան այն լայնախոհ մտածողներէն էր, որ ճշգրիտ գնահատական կատարելով հաստատած էր, որ կայ Հայաստան, կայ հայրենիք եւ ան պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ֆիզիքական յենակէտը, ուրկէ պիտի սկսի մեր հայրենիքի նոր կենսագրութիւնը»:

Այնուհետեւ Յովիկ Էօրտէքեան հակիրճ կերպով նախ ներկայացուց լիբանանահայ ազգային կենաքին մէջ 1935-1940-ական թուականներուն ծանրակշիռ դերակատարութիւն ունեցած ազգային-քաղաքական ղեկավար եւ բարերար Մկրտիչ Մսըրլեան մարդը եւ գործիչը, շեշտը դնելով «Զարթօնք» օրաթերթի ծաղկման ու բարգաւաճման մէջ անոր ունեցած փրկարար դերակատարութեան, միեւնոյն ժամանակ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մէջ անոր վարած առաջնորդի հանգամանքին: Ապա համապարփակ կերպով ներկայացուց գիրքի բովանդակութիւնը իր ենթաբաժանումներով եւ անոր գրական արժէքը:

«Ա՛զգ կռուէ՛ ամբողջ միսերովդ,

Եթէ միսերդ ինկան պատառ -պատառ, ջիղերովդ կռուէ՛,

Եթէ պայքարը զանոնք լափեց, կռուէ՛ ոսկորներովդ.

Եթէ ոսկորներդ փշրուեցան, ծուծովդ կռուէ՛,

Եթէ ծուծ չմանց, կռուէ՛ աճիւններովդ,

Եթէ անոնք ալ տարտղնուեցան, չքացան,

այն ատեն կռուէ՛ Ազգ Հերոսովդ»:

Շահան Շահնուրի սոյն խօսքերով Տոքթ. Թորոս Թորանեան ներկայացուց երկրորդ գիրքը, ուր Գուրգէն Եանիգեանի կատարած քաջագործութիւնը մեծարելով կոչ ուղղեց նոր սերունդին քիչ մը աւելի յեղափոխականանալու:

Հուսկ բեմ հրաւիրուեցաւ երկրորդ գիրքի հրատարակութեան մէջ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած Գէորգ Եազըճեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցեց ըսելով.«Անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր անտիպ գիրք առաջին անգամ հրապարակուի Մայր Հայաստանի մէջ, որպէսզի շրջանառութեան մէջ դրուի եւ անկէ ետք ցրուի աշխարհով մէկ եւ հարստացնէ մեր գրական անդաստանը: Ապա կոչ ուղղեց բոլոր հայկական թերթերուն, որ արխիւային աշխատանքին զարկ տրուի, շեշտը դնելով թուայնացման գործընթացի կարեւորութեան՝ դիւրացնելու ուսումնասիրողներու աշխատանքը: