image

Ղարիպ Բաբայեանի ձերբակալութիւնէն ետք բողոքի գործողութիւններ

Ղարիպ Բաբայեանի ձերբակալութիւնէն ետք բողոքի գործողութիւններ

Ղարիպ Բաբայեանի ձերբակալութիւնէն վրդովուած քաղաքացիներ փակած են «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղին։

Նշենք, որ դատարանի բակը մեծ թիւով քաղաքացիներ հաւաքուած են, ընդդիմադիր պատգամաւորներ, Բագրատ Սրբազանը նոյնպէս այնտեղ եղած է, վրդովուած քաղաքացիները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են ձայնային ազդանշան տալով:

Յիշեցնենք, որ Բաբայեան ձերբակալուած է Երեւանի կեդրոնը ատրպէյճաներէն «Ղարաբաղ» երգողներու տեսանիւթը տարածելու համար։ Դատարանը կը քննէ անոր կալանքի հարցը: