image

Իրանի պարագային չենք բացառեր ռազմական գործողութիւններու տարբերակը. Թրամփ

Իրանի պարագային չենք բացառեր ռազմական գործողութիւններու տարբերակը. Թրամփ

 

Իրանի նկատմամբ տնտեսական ճնշումը չի նշանակեր, որ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման տարբերակը բացառուած է, յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ։

Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ-ը կ՚ուզէ տեսնել, թէ տնտեսական միջոցները ինչի պիտի յանգեցնեն։ Թրամփ կրկին պնդած է, որ այժմ Իրանը տնտեսական լուրջ խնդիրներու կը բախի, եւ որ երկրին մէջ սղաճը հասած է 350 տոկոսի։

«Մենք լիովին կը վերահսկենք Հորմուզի նեղուցը։ Անոնք կ՚ուզեն համաձայնագիր կնքել, սակայն, իմ կարծիքով, տակաւին պատրաստ չեն ճիշդ գործարքի», նշած է Թրամփ։