image

Իրան Հարաւային Քորէային կոչ ըրած է մեղսակից չդառնալու ԱՄՆ-ի գործողութիւններուն

Իրան Հարաւային Քորէային կոչ ըրած է մեղսակից չդառնալու ԱՄՆ-ի գործողութիւններուն

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էսմայիլ Պաղային նախազգուշացուցած է Հարաւային Քորէան՝ չմիջամտելու եւ չմասնակցելու տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրականացուող գործողութիւններուն՝ ընդգծելով, որ նման քայլը պիտի համարուի անմիջական աջակցութիւն ԱՄՆ-ին։ Ան այս մասին գրառում կատարած է X-ի մէջ։

«Իրանի եւ Քորէայի Հանրապետութեան յարաբերութիւնները աւելի քան 64 տարուան պատմութիւն ունին, եւ երկու երկիրներուն միջեւ կապերը միշտ զարգացած են փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ։ Իրանը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Քորէայի Հանրապետութեան հետ իր բարեկամական յարաբերութիւններուն։

Սակայն ներկայիս Իրանի ժողովուրդը ինքնապաշտպանութիւն կը կատարէ ԱՄՆ-ի յարձակողական գործողութիւններուն դէմ։ Այն պայմաններուն մէջ, երբ Իրանը վճռականօրէն կ՚արձագանգէ կիներու եւ երեխաներու դէմ ԱՄՆ-ի իրականացուցած ռազմական ոճիրներուն, որեւէ այլ երկիր, որ ռազմական ներկայութիւն ունի կամ կը մասնակցի Պարսից ծոցին եւ Հորմուզի նեղուցին մէջ իրականացուող գործողութիւններուն, կրնայ դիտարկուիլ միայն որպէս յարձակման հեղինակներուն ուղղակիօրէն աջակցող կողմ, ինչ որ լուրջ հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ»,– նշուած է գրառման մէջ։

Պաղայիի խօսքով՝ որեւէ ինքնիշխան եւ պատասխանատու երկիր պէտք չէ զիջի Ամերիկայի ճնշման եւ սպառնալիքներուն եւ այդպիսով մեղսակից դառնայ յարձակողական գործողութիւններուն ու «Իրանի մեծ ժողովուրդին դէմ սարսափելի ոճիրներուն»։

Մեկնաբանութիւնները հնչած են այն բանէն ետք, երբ Հարաւային Քորէայի նախագահի գրասենեակը յայտարարած է, որ կը քննարկէ Հորմուզի նեղուց ռազմական ուժեր ուղարկելու հարցը։