image

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը հրաժարած է լուսանկարուիլ Շոլցի հետ․ Bild

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը հրաժարած է լուսանկարուիլ Շոլցի հետ․ Bild

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք դուրս ելած է կառավարութեան նիստէն՝ հրաժարելով լուսանկարուիլէ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ Ուքրանիոյ օգնութեան նոր փաթեթը արգելափակելու անոր որոշումէն յետոյ։ Այս մասին յայտնած է Bild։

Յոդուածին մէջ ներառուած է լուսանկար, ուր կ'երեւի, որ Շոլց կը փորձէ խանգարել նախարարին դուրս ելլելը սենեակէն, սակայն չի յաջողիր։

Պերպոք եւ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարը սկսած են աշխատիլ Քիեւին 3 միլիառ եւրոյի չափով ռազմական օգնութեան նոր փաթեթի վրայ, սակայն Շոլց արգելափակած է այն։