Գերմանական Wintershall Dea ուժանիւթային ընկերութիւնը յայտնած է, որ Նեղոսի ջուրերուն մէջ կազի հանքավայրեր յայտնաբերած է, ըսուած է ընկերութեան կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Wintershall Dea ընկերութիւնը կազ գտած է իր Արեւելեան Տամանհուր հետախուզական պլոքի՝ ծովային Նեղոսի տելթայի (գետաբերանի յատուկ ձեւ) ափամերձ շրջանին մէջ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Wintershall Dea-ն եւ անոր գործընկերներ Cheiron Energy-ը, INA-ն եւ Egyptian Gas Holding Company-ն (EGAS) պիտի ուսումնասիրեն հանքաշերտերու մշակման հնարաւորութիւնները՝ օգտագործելով Disouq նախագծի ենթակառուցուածքը, որ կը ղեկավարեն Wintershall-ը եւ EGAS DISOUCO-ն:
Wintershall Dea նաւթակազային մասնաւոր ընկերութիւնը կ'աշխատի Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Եւրոպայի, Ռուսիոյ, Լատինական Ամերիկայի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ:
Դեկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած էր, որ Սեւ ծովուն մէջ կազի նոր հանքավայր յայտնաբերուած է, որու պաշարները 58 միլիառ խորանարտ մեթր կը գնահատուին։