Աւարտին, կայ նաեւ ենթադրութիւն, որ Կաթողիկոսի հեռացման կամ հրաժարականի օրակարգը բացող կողմը՝ Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կից կանգնած իշխանաւորները, այս հարցին համար ունին «յստակ» ծրագիր մը, որ դրուած է «դանդաղ կրակ»ի մը վրայ եւ ընթացք կ՚առնէ ու կը զարգանայ տարբեր ուղղութիւններով։ Ու հոս կայ էական հարցադրում մը, որ կը վերաբերի երէկ տեղի ունեցած հանդիպումին։
Արդեօ՞ք այդ հանդիպումը, կամ հարցերը դէպի եկեղեցիի ներսը փոխադրելի նախատեսուած էին այդ բոլորին մէջ, կամ տեղի ունեցած դէպքերը (տեսանիւթի հարց, քարոզչական «պատերազմ»ի նրբերանգներ եւ այլ գործօններ) կերպով մը ստիպեցին, որ Սրբազանները «խզեն» իրենց լռութիւնը եւ «ձեռք մեկնեն» Փաշինեանին։
Ի հարկէ կարեւոր է այս հարցադրումը, սակայն այս բոլորէն անդին կարեւորագոյնն այն է, որ «երրորդ ուժ»ին պատկանող եւ մինչեւ հիմա լուռ մնացած Սրբազանները խօսին, ծրագիր մէջտեղ հանեն ու արագօրէն լծուին Մայր Եկեղեցւոյ «բուժման» եւ վերանորոգման հիմնարար գործին։
Սագօ Արեան կը գրէ՝
Յառաջիկայ օրերուն աւելի յստակ պիտի դառնայ ընդհանրական պատկերը Մայր Աթոռի «ներքին իրականութեան»։
Եթէ պահ մը չանտեսենք այն բացայայտ փաստը, որուն հիմքով ալ կը կարողանանք ըսել, որ Վարչապետ Փաշինեան ողջունելով, ապա իր մօտ հրաւիրելով թիւով 8 եպիսկոպոսները, կարողացաւ նոր փուլի մը մեկնարկը տալ, ապա հաշուի հետ պիտի նստինք Մայր Աթոռի Գահակալ Գարեգին Բ.ի կողմէ եւ անոր շուրջ բոլորուած եպիսկոպոսներու ու միաբաններու «հակազդում» կեցուածքը...։
Հիմա ուրեմն ունինք յստակ երկուութիւն. Մէկ կողմէ Փաշինեանին հետ հանդիպած եպիսկոպոսները, որոնց համար Արշակ Սրբազանի հեռանալը (գէթ այս փուլին) կը համարուի «բեկումնային» նպատակ, եւ միւս կողմը՝ Գարեգին Բ.Վեհափառը, Արշակ Սրբազանը ու բոլոր այն միաբանները, որոնք ներկայ չեղան Փաշինեանի հետ հանդիպման։
Եթէ խորքային հայացքով մը դիտարկենք ստեղծուած իրավիճակը, ապա անտեսելու չենք այն փաստը, որ տասնեակ եպիսկոպոսներ ունեցող Մայր Աթոռի պարագային կայ «գործօն» հանդիսացող «երրորդ ուժ»ը, որուն մաս կը կազմեն վերը նշուած երկու «խումբեր»էն դուրս մնացող սրբազան հայրերը, որոնք մինչեւ այս պահը լռութեամբ մը կը շարունակեն հետեւիլ տեղի ունեցող զարգացումներուն։
Այդ խումբին մաս կը կազմեն նաեւ այն Սրբազան հայրերը, որոնց անունը կար օրերս տարածուած հաղորդագրութեանց մէջ, բայց գործնականօրէն անոնք կամ չէին ստորագրած իրենց անուններուն կողքը, կամ ալ պարզապէս լուռ մնացին այդ հաղորդագրութեան տարածումէն կամ նոյնիսկ
Փաշինեանի հետ եղած հանդիպումէն ետք ալ։
Այսքանը դիտարկելէ ետք անշուշտ գոյութիւն ունին քաղաքական գործօններ, վայրի ու դիրքի յարմարութիւններ, Թեմի ու թեմական խորհուրդներու «ըսելիք»ներ, որոնք մեծ հաշուով կրնան խանգարել կամ ալ աւելիով «զուլալ» դարձնել այս օրերուն տիրող անորոշ դրութիւնը։
Ի վերջոյ, ո՞ր ուժն է, որուն խօսքը այլ մակարդակի «ծանրութիւն» մը ունի եպիսկոպոսաց դասուն մէջ։ Ո՞ր Սրբազանին խօսքին շուրջ պիտի համախմբուին միաբան հայրերը եւ առաջ տանին ստեղծուած իրադրութիւնը, «հանգուցալուծեն» էական օրակարգը։
Այդ լուծումն անշուշտ պիտի ընթացք մը առնէ՝ «լուծել»ով Արշակ Սրբազանի հարցը, որն այսօր կը համարուի Մայր Եկեղեցւոյ թիւ մէկ «խնդիր»։
Ու կարծէք միայն այդ խնդրի լուծումով է, որ «իրերը իրենց տեղը դրուին» ու ընթացք տրուի նոր աւելի յստակ փուլերու։
Բոլոր Սրբազանները, որ այսօր կը պահեն որոշակի եւ «յստակ» լռութիւն տակաւին կը սպասեն «յարմար» պահի մը, որ խօսին...։
Ի՞նչ պիտի խօսին, ինչպէ՞ս պիտի խօսին, այդ չէ էականը, էականը այս պահուն համայնապատկերի յստակեցումն է, որ կրնայ դուռ մը բանալ նոր որակի լուծումներու։
Այս բոլորի կողքին կայ այլ մօտեցում մը, որ ի յայտ եկած է վերջին ժամերուն եւ կը խօսի մտահոգ երեսակի մը մասին, ըստ որուն, եթէ իրավիճակները այս հունով շարունակուին բնաւ չի բացառուիր, որ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ առկայ տարակարծութիւնները (որոնց կիզակէտը ներկայիս՝ Արշակ Սրբազանի հարցն է) ալ աւելի սրուին եւ եկեղեցին յայտնուի բաժանումի մը եզրին։
Բաժանումը սակայն անկարելի է, որ տեղի ունենայ, եթէ վերը նշուած երկու «խումբեր»էն բացի տեղի ունենալիք զարգացումներուն իրենց մասնակցութիւնը չբերեն մինչեւ այս պահը լռութիւն պահող Սրբազան Հայրերը...։