Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ ժամանած է Սուրիա՝ Դամասկոս։
Այս մասին Կութերեշ գրառում կատարած է X-ի իր էջին վրայ։
«Հիմա նոր ժամանեցի Դամասկոս՝ համերաշխութեան այցով։ Իմ ուղերձը յստակ է. ՄԱԿ-ը Սուրիոյ կողքին է այս վճռորոշ պահուն, եւ կոչ կ՚ընեմ միջազգային հանրութեան՝ ջանք չխնայելու նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդին աջակցելու համար»,– գրած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը։