image

Մէրամէթճեանցիները հաւաքուեցան «Շրջանաւարտներու օր»ուայ առիթով

Մէրամէթճեանցիները հաւաքուեցան «Շրջանաւարտներու օր»ուայ առիթով

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը, օրերս, առաջին անգամ կազմակերպած է «Շրջանաւարտներու օր»ը՝ համախմբելով տարբեր սերունդներու Մէրամէթճեանցիները, ուսուցիչներն ու պատասխանատուները։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած ձեռնարկին ընթացքին պատուուած են յոբելեար շրջանաւարտները, իսկ ներկաները վերապրած են իրենց դպրոցական յիշողութիւնները՝ ամրապնդելով վարժարանին շուրջ ձեւաւորուած համայնքային կապերը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը որոշած է աւանդութիւն դարձնել «Շրջանաւարտներու օր»ը։ Այդ նպատակով Կիրակի, 7 Յունիսին հին ու նոր բազմաթիւ Մէրամէթճեանցիներ հաւաքուեցան խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Մասնակցութիւն բերին ո՛չ միայն շրջանաւարտները, այլ նաեւ տնօրէններ, վաստակաւոր ուսուցիչներ, թաղային խորհուրդի անդամներ եւ ներկայ ուսուցչական կազմը։

Յայտագիրը սկսաւ վարժարանի մանկապարտէզի ուսուցչուհի եւ միաժամանակ Սանուց Միութեան վարչութեան անդամուհի՝ Ժպիտ Իսքենտէրօղլու Գալայճըի բացման խօսքով։

Հնչեցին ելոյթներ, ապա աշակերտները հանդէս եկան արտասանութիւններով ու դաշնակի վրայ կատարումներով։

70, 60, 50, 40 եւ 25 ամեակի յոբելեար դասարաններուն յուշանուէրները յանձնեցին Թաղային Խորհուրդի անդամները։ Իսկ 20, 15, 10 եւ 5 ամեակի շրջնաւարտներուն վկայականները յանձնեցին վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Հերկել Էօզտաղ եւ փոխտնօրէնուհի Լիզա Ծատուրը։ Բացի ատկէ, 70 ամեակի երիցագոյն շրջանաւարտ՝ Կարապետ Համամճըօղլու, եւ մանկապարտէզ երեք տարեկանի փոքրիկ աշակերտուհին՝ Լիա Ք., միասին ստացան իրենց նուէրները։

Կարկանդակի հատումէն ետք, յայտագիրը իր աւարտին հասաւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի հուսկ բանքով։

Այլեւս աւանդական դարձած այս յատուկ օրը յիշողութիւններուն մէջ իր տեղը գրաւեց որպէս անմոռանալի հանդիպում մը, ուր վերակենդանացան անցեալէն մինչեւ այսօր հասած թանկարժէք յիշատակները, նորոգուեցան բարեկամութիւնները եւ ամրապնդուեցան շրջանաւարտներուն միջեւ առկայ սերտ ու ամուր կապերը։