image

«Գերիներու փոխանակումը կատարուեցաւ իմ անձնական վերահսկողութեամբ » Ռուստամ Մուրատով

«Գերիներու փոխանակումը  կատարուեցաւ իմ անձնական վերահսկողութեամբ » Ռուստամ Մուրատով

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ գերիներու հերթական փոխանակման մասին մեկնաբանած է ԼՂ-ի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար, զօրավար՝ Ռուստամ Մուրատով, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։

«Այսօր Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու կողմէ 2020 թուականի 9 նոյեմբերին կնքուած եռակողմ յայտարարութեան իրականացման ծիրէն ներս կատարուած է գերիներու հերթական փոխանակում։ Անձամբ՝ իմ գլխաւորութեամբ, ռուս խաղաղապահներու կողմէ կատարուած աշխատանքի հետեւանքով Ռուսաստանի օդատիեզերական ուժերուն պատկանող ինքնաթիռով Պաքու տեղափոխուած է գերութեան մէջ գտնուող 2 ատրպէյճանցի եւ «Էրեբունի» վերադարձուած է 4 գերի»,- ըսած է Մուրատով։

Ռուստամ Մուրատով շեշտած է, որ ռուս խաղաղապահները հետագային ալ կը շարունակեն նպաստել եռակողմ համաձայնագրի իրականացման։