image
Հրատապ լուրեր:

Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օծումը կատարուեցաւ Ֆրեզնոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ խորանին

Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օծումը կատարուեցաւ Ֆրեզնոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ խորանին

Կը շարունակուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցը՝ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ։

Ինչպէս նախապէս ալ նշած էինք Վեհափառ Հայրապետը  ժամանած է Ֆրեզնո, ուր անոր ձեռամբ օծումը կատարուած է Ֆրեզնոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ խորանին։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը.

Չորեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ կատարուեցաւ Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն վերանորոգեալ եկեղեցւոյ սուրբ խորանին օծումը։

Արդարեւ, եկեղեցւոյ մուտքին, Նորին Սրբութիւնը եւ իր պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան առաջնորդ սրբազան հօր՝ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեանի, հոգաբարձութեան, յարակից մարմիններու եւ Ֆրեզնոյի մէջ կայք հաստատած հայորդիներու կողմէ:

Եկեղեցւոյ դասուն մէջ սկիզբ առաւ սուրբ խորանի վերաօծման արարողակարգը։ Վեհափառ Հայրապետը օծումը կատարեց սուրբ խորանի գագաթին ու ճակատին, իսկ սրբազան հայրերը՝ աջ ու ձախ կողմերուն։

Օծման արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով առաջնորդ սրբազան հայրը՝ իր եւ ֆրեզնոյահայութեան անհուն ուրախութիւնը յայտնեց, որ Նորին Սրբութեան ձեռամբ ու անոր գահակալութեան 30 ամեակի նշման ծիրին մէջ կատարուեցաւ այս պատմական եկեղեցւոյ սուրբ խորանին վերաօծումը։ «Արդ, Վեհափառ Տէր, մեր ժողովուրդի զաւակները լիցքաւորուելով եկեղեցական հոգեպարար արարողութեամբ՝ եկած են ձեր հայրապետական օրհնութիւնը ստանալու ու պատգամը ունկնդրելու», ըսաւ ան։

Արդարեւ, Նորին Սուրբ Օծութիւնը ըսաւ. «Պօղոս առաքեալ կողոսացիներուն գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «մոռցէք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք» (Կղ. 3.9-10)։ Նորադարձ քրիստոնեաներուն ուղղած առաքեալին այս թելադրութիւնը էութիւնը կը կազմէ քրիստոնէական կրօնքին։ Մարդը Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն ստեղծուած էր։ Աստուած մարդը օժտած էր բանականութեամբ, ինքնիշխանութեամբ եւ Իր հետ յարաբերութիւն ունենալու շնորհքով։ Սակայն մարդը հաւատարիմ չգտնուեցաւ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած շնորհքներուն, մեղանչեց ու աքսորուեցաւ դրախտէն։

«Քրիստոս աշխարհ եկաւ, որպէսզի մարդուն մէջ քանդէ այն ինչ որ հին է՝ հին կեանքը, հին մտածողութիւնը, հին գործերը, եւ վերստեղծէ նոր մարդը՝ նոր կեանքով ու նոր գործով»։

Ապա, անգլերէն լեզուով իր պատգամը շարունակելով՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «St. Paul in his letter to Galatians says: “do not lie to one another, seeing that you have stripped off the old self with its practices and have clothed yourselves with the new self, which is being renewed in knowledge according to the image of its creator”, let us forget the old human being with his life and work, and be a new human being in Christ.

Jesus Christ as an event, namely his incarnation, mission, crucifixion, and resurrection, is a radical shift from the old world to the new world, the old human being to the new human being. This reality is at the heart of the New Testament. In the book of Revelation, we read: Behold, I make everything new. Indeed, Jesus Christ made everything new.

1) In Jesus Christ, the new human being was created. Salvation is the liberation of human beings from the dominion of sin; it is the re-creation of human beings.

2) Being in Christ means being a new human being.

As Christians, we should know that the Son of God was incarnated for the salvation of human beings. Salvation is a process; it is a cross-centered way of life. Christ said: Whoever believes in me should follow me. In fact, being Christian is following Christ, translating biblical values into life.»։

Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Ֆրեզնոյի գաղութի զաւակները մէկ առ մէկ մօտենալով Նորին Սրբութեան՝ ստացան անոր օրհնութիւնը: