Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, ներկայութեամբ Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներուն բացումը կատարած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի կողէ կազմակերպուած Ամանորի առիթով երկօրեայ տօնավաճառին:
ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու թեմի էջէն կը կարդանք՝
Շաբաթ 22 Նոյեմբեր 2025-ին առաւօտեան, թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, ներկայութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Աւագ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանը, Ազգային վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Բագրատ Պալապանեաը եւ Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները, բացումը կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի կողէ կազմակերպուած Ամանորի առիթով երկօրեայ տօնավաճառին:
Տիկնանց Յանձնախումբի անդամուհիները «Փիէռ Քէօսէեան» սրահէն ներս հիւրընկալելով զանազան գաղութի անդամները որոնց առիթը տրուեցաւ մասնակից դառնալու տօնավաճառին, իրենց յատուկ սեղանները տրամադրելով, որպէսզի ցուցադրեն եւ վաճառեն իրենց ձեռային աշխատանքները:

