Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան Պաթիստ Լըմուանի խօսքերով՝ իրենք հայ գերիներու հարցը կը բարձրացնեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ զրոյցներու ժամանակ, երբ այդ հնարաւորութիւնը կը ստեղծուի:
Այս մասին Լըմուանը խօսած է Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ:
«Բնականաբար, այդ հարցը կ'արծարծենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ, հազիւ այդ հնարաւորութիւնը կ'ունենանք: Ամէն պարագային, երկու կողմերուն հետ ալ մեր յարաբերութիւններուն մէջ ամէն ինչ կը դնենք սեղանին, կը քննարկենք բոլոր հնարաւոր հարցերը: Ռազմագերիներու հարցով գլխաւոր մանտաթը ԿԽՄԿ-ն ունի եւ իրենք կ'աշխատին այդ ուղղութեամբ, բայց, բնականաբար, մենք ալ ամէն հնարաւորութեան պարագայի կ'արծարծենք այդ հարցը»,- ըսած է ԱԳՆ պետքարտուղարը: