image

Եւրոպական Միութիւնը ընդունած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 14-րդ փաթեթը

Եւրոպական Միութիւնը ընդունած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 14-րդ փաթեթը

Եւրոմիութիւնը (ԵՄ) ընդունած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 14-րդ փաթեթը՝ ուղղուած ուժանիւթային, ֆինանսական եւ առեւտրային ոլորտներուն։ Այս մասին յայտնած է ԵՄ խորհուրդի պաշտօնական կայքը։

«Փաթեթը կը ներառէ սահմանափակող միջոցներ եւս 116 ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձի նկատմամբ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Եւրոմիութիւնը սահմանափակումներ մտցուցած է եւրոպական նաւահանգիստներով ռուսական հեղուկացուած բնական կազի տարանցման համար։ Ըստ ԵՄ խորհուրդի՝ միջոցառումներն ուղղուած են վաճառքէն եւ փոխադրումներէն Ռուսիոյ եկամուտներու կրճատման։