Եւրոխորհուրդի նախկին ղեկավար Տանըլտ Թուսքը յայտարարած է, որ Եւրոմիութիւնը կրնայ փլուզուիլ, եթէ անդամ երկիրները հակամարտութեան մէջ մտնեն Պրիւսքսէլի հետ, ինչպէս ներկայ պահուն կը վարուին Լեհաստանն ու Հունգարիան:
Ինչպէս կը հաղորդէ Gazeta.ru-ն, Թուսքի խօսքով՝ Վարշաւան եւ Պուտապեշտը տարաձայնութիւններ ունին Պրիւքսէլի հետ՝ պայամանաւորուած դատական իշխանութեան անկախութեան եւ ԶԼՄ-ներու ազատութեան հարցով վերջինիս դիրքորոշմամբ:
«Եթէ շատնան նման երկիրները, որոնք կը հետեւողական կերպով կը շարունակեն Եւրոպական միութեան վնաս հասցնել, ապա պարզապէս կրնայ այս կազմակերպութեան վերջը գալ»,- ըսած է Թուսքը՝ ելոյթ ունենալով լեհական հեռուստատեսութեամբ:
Վերջինս ընդգծած է, որ ԵՄ փլուզումը արագ չըլլար, այն քանի մը տարի կը ձգձգուի: