image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոմիութիւնը պիտի չեղարկէ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու մէկ մասը

Եւրոմիութիւնը պիտի չեղարկէ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու մէկ մասը

ԵՄ արտաքին գործոց նախարարները համաձայնութեան եկած են Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու չեղարկման ճանապարհային քարտէզի շուրջ:

Եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալասը նշած է, որ ԵՄ-ն պատրաստ է հնարաւորինս արագ գործել, սակայն նախազգուշացուցած է՝ որոշումը կրնայ չեղարկուիլ, եթէ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնը «սխալ քայլեր ձեռնարկէ»:

Ան չէ յստակեցուցած՝ որ պատժամիջոցները պիտի չեղարկուին։ Ըստ արեւմտեան լրատուամիջոցներու՝ ի թիւս այլոց, կրնայ վերանայուիլ նաւթի արտահանման արգելքը։

ԵՄ-ն Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանած է 2012 թուականէն, ատոնք հիմնական վերաբերած են կառավարական եւ ռազմական կառոյցներուն։ Նաեւ որոշում կայացուած էր սառեցնել Եւրոպայի մէջ սուրիական աւանդները, սահմանափակել ներդրումները եւ նաւթի գնումը: