Հայ լեզուաբան, գրականագէտ, բժշկական գիտելիքներու քարոզիչ Յովհաննէս Գազանճեան ծնած է Սեբաստիոյ նահանգի Եւդոկիա գաւառի նոյնանուն քաղաքին մէջ: Մտաւորականը հայերէնի դասագիրքեր, հայ գրականութեան պատմութեան գիրքեր եւ այլ հատորներ հրատարակած է, բայց իր աշխատութիւններուն մէջ մեծ տեղ տուած է նաեւ հայրենի Եւդոկիա գաւառի սովորութիւններուն, բարբառին, մարդոց:
«Եւդոկիացի հայ կինը» աշխատութիւնը ան հրատարակած է «Արեւելեան Մամուլ»ին մէջ՝ 1903 եւ 1904 թուականներուն: Գազանճեան գրած է եւդոկիացի կնոջ աղջիկնութեան, հարսնութեան, մայրութեան, որբեւայրութեան, ֆիզիքական, իմացական եւ բարոյական նկարագրին, առտնին ընտանեկան կեանքին, կրօնքին եւ հաւատալիքին մասին: Մասնաւորապէս ան հետաքրքրական կերպով նկարագրած է եւդոկիացի կնոջ արտաքինը եւ անոր դերը՝ ընկերային կեանքէն ներս:
ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Եւդոկիացի հայ կինը կազմուածքի եւ դիմագծութեան տեսակէտով հայ կնոջ ընդհանուր տիպարին բոլոր յատկանշական կողմերն ալ գրեթէ կը ներկայացնէ, բայց պէտք է ըսել, թէ ան ճշտիւ չի պատկանիր գաւառացի տիպարին, այլ աւելի՝ ծովեզերքներու նրբացած հայուհիին ու ներքին գաւառներու բնատիպ հայ կնոջ միջեւ կը գրաւէ միջանկեալ դիրք մը։ Այսպէս՝ եւդոկիացի հայ կնոջ վրայ չես գտներ գոյներու թանձրութիւն, հուժկու կազմուածք եւ ցեղային դիմագծութեան շեշտեալ գիծերը, որոնք աչքի կը զարնեն շատ մը գաւառներու հայ կանանց վրայ։
Եւդոկիացի հայ կինը կազմուածքով ընդհանրապէս նրբին է եւ քիչ մսեղ, մորթին գոյնը փափուկ եւ տժգոյն, հասակը միջինէն ո՛չ աւելի, ոտքերն ու ձեռքերը ո՛չ այնքան փոքր, մէջքը՝ թանձրկեկ, կուրծք եւ թիկունք՝ միջակ լայնութեամբ, բազուկ եւ սրունք՝ համեմատական։ Գրեթէ ո՛չ մէկ աններդաշնակութիւն աչքի կը զարնէ իր կազմութեան վրայ։ Գալով դէմքին՝ մազերը 85-90 առ հարիւր սեւ ու թուխ են, 10-15 առ հարիւր խարտեաշ եւ շէկ, աչքերը նմանապէս 85-90 առ հարիւր սեւ ու շագանակագոյն, 10-15 առ հարիւր խաժ ու կապոյտ։ Քիթը ո՛չ այնքան փոքր է, պինչերը նուրբ են, ծայրը քիչ մը կախ ու կոր, եւ մէջտեղի ոսկորը թեթեւ մը ցցուած, ճակատը բաց է ու լայնկեկ, բերանը՝ միջակ, ծնօտներն ընդհանրապէս իրարու վրայ դրուած են եւ քիչ անգամ անկիւն կը ձեւացնեն. դունչը կլոր է ու լայն։
Գեղեցկութեան տեսակէտով՝ եւդոկիացի կինը ընդհանրապէս աւելի բարեկազմ կրնայ համարուիլ, քան թէ գեղեցիկ, թէեւ ճշմարտապէս գեղանիներ ալ քիչ չեն թիւով։ Եւդոկիացի հայուհիին գեղեցկութիւնը սակայն բոլորովին զուտ ու բնական է, որովհետեւ անիկա երբեք չի գիտեր շպարուիլ եւ ոչ իսկ պէտք եղած հոգը կը տանի իր գեղեցկութեան ու թարմութեան պահպանման։
Եւդոկիացի կինը իր շարժուձեւերուն մէջ ալ բոլորովին բնական եւ անարուեստ է։ Իր այս բնական անարուեստութիւնը թէեւ կոշտ ըլլալու չափ չէ եւ ինք գիտէ անոր մէջ բաւական շնորհ ու վայելչութիւն դնել, բայց վերջապէս կան ինչ-ինչ անհրաժեշտ արուեստականութիւններ՝ որով պիտի կրնար աւելի շնորհալից դառնալ, եթէ այս մասին ինք բոլորովին անտարբեր եւ զանցառու չգտնուէր։ Նոյնիսկ կը մեղադրուին այն կիները, որոնք իրենց քալուածքին, խօսուածքին մէջ կ՚աշխատին տարբեր շնորհ մը, ճկունութիւն մը դնել մասնաւոր ջանքով մը, իբրեւ թէ այդ կարգի կիները անպատճառ այրերը հրապուրելու անբարոյական դիտումներ ունեցած ըլլային։
Եւդոկիացի կինը խառնուածքով առաւելապէս ջղային է եւ ասոր համար է որ ընդհանրապէս տխուր է եւ շատ զգայուն։
Ամուսնութենէ վերջ մանաւանդ եւդոկիացի կիները մեծ մասամբ իրենց առողջութեան հաւասարակշռութիւնը կը կորսնցնեն։ Շատերը «իջուածք» ունին, իրենց բառով։ Իրենք այս անունը կու տան կարգ մը տկարութիւններու եւ պարբերական տագնապներու, որոնց մեծ մասը ջղային հանգամանք ունին։
Երկարակեցութեան տեսակէտով թէեւ եւդոկիացի կինը միջին հաշուով էրիկ մարդէն նուազ երկարակեաց է, բայց անգամ մը 40-50-ը անցընելէն վերջ կինը աւելի երկարակեաց է, քան էրիկ մարդը, պարագայ մը, որ աշխարհի բոլոր կանանց համար ալ, եթէ չեմ սխալիր, վիճակագրութիւններով հաստատուած իրողութիւն մըն է։
Եւդոկիոյ հայ գաւառաբարբառը ինչպէս ամէն տեղ՝ հոս ալ կանանց բերնին մէջ աւելի հարազատօրէն պահպանուած է։ Իրենց խօսակցութիւնը լեցուն է բազմաթիւ գեղեցիկ գաւառական բառերով ու նկարագեղ ոճերով, բայց զուրկ է աշխուժութենէ, իրենց դանդաղ ու ծանր արտասանութեան պատճառաւ։
Եւդոկիացի կիները շատոնց թողուցած են հին գաւառական տարազը, եւ այդ պատճառաւ իրենց հագուստի ձեւերը յարաշարժ եւ անկայուն հանգամանք ունեցած են։ Այսօր քիչ տարբերութեամբ այնպէս կը հագուին, ինչպէս պոլսեցի կիները եւ շատ հետամուտ են նորաձեւութիւններու։ Իրենց հագուստներու մէջ ուշագրեւ է քիւրքը -մուշտակապատ վերարկու- զոր ամուսնացեալ կիները անբաժանելիօրէն կը հագնին։ Հագուստներու մէջ տիրող գոյներն են ընդհանրապէս փափուկ եւ տժգոյն երանգները։
Մազերնին ընդհանրապէս մէկ ճիւղի վրայ կը հիւսեն եւ կախ կը ձգեն կռնակն ի վար, թէեւ հիմա գլուխնուն վրայ ամփոփողներ ալ կան եւրոպական ձեւով։ Աղջիկները գլուխնին բաց կը կենան, իսկ հարսերը եւ կիները գլուխնին ընդհանրապէս եազմա կը կապեն, զոր գաբատմա կը կոչեն, շատեր վրայէն լաչակ ալ կ՚առնեն։ Փողոց ելլելու ատեն աղջիկներն ու հարսերը չարշաֆ կ՚առնեն, մետաքսէ կամ այլ կերպասէ կամ ճերմակ սաւանէ, իսկ տարիքոտ կիները՝ շալ։ Տան մէջ աշխատելու ատեն շրջազգեստին վրայէն շալվար կը հագնին՝ իրենց հագուստները անմաքրութենէ պատսպարելու համար։
Երբեմն նոր հարսերու հարսանեկան զգեստները բաւական տարօրինակ էին. ատոնք կը բաղկանային հետեւեալներէն, որ եւ է պոռոտ գոյնով բանուածաւոր կամ պարզ բեհեզէ շրջազգեստ մը, մանիշակագոյն թաւիշէ երեսով քիւրք մը, զոյգ մը պօթին-կալօշ, կարմիր բեհեզէ քօղք մը դեղին թելերով միասին, ինչպէս նաեւ ֆինճան կոչուած խաւաքարտէ գլխարկաձեւ առարկայ մը, զոր կը դնէին հարսին գլխուն վրայ, անոր վրայէն կ՚անցընէին կարմիր քօղը եւ յետոյ՝ դէպի վար ձգուած դեղին թելերով կ՚ամրապնդէին զայն գլխուն վրայ, այլանդակ կերպարանք մը տալով հարսին։ Ասոնք սակայն հիմա փոխուած են, եւ այսօրուան հարսերու սովորական հագուստին եւ արդուզարդին մէջ հարսանեկան շղարշին, յարակից նարնջածաղկէ պսակին, ճերմակ թելերուն, սպիտակ ձեռնոցներուն եւայլն ի հետ գրեթէ ոչ մէկ բան կը պակսի Պոլսոյ հարսերուն նմանելու համար։
Եւդոկիացի կինն ալ՝ բոլոր կիներուն պէս եւ մանաւանդ իր ուրիշ գաւառացի քոյրերէն շա՛տ աւելի զարդասէր է։ Ընդհանրապէս գործածուած զարդերն են ոսկի շարոց՝ բաղկացած 15-20 մահմուտիյէ կամ նմանօրինակ ոսկիներէ, մէջտեղն ունենալով աւելի խոշոր ոսկի մը, մատանի, օղ, ոսկեայ ապարանջան, մարգարտէ կաժ, ոսկեայ ժամացոյց եւ շղթայ, զիլ կոչուած ոսկեայ զարդ մը՝ որ վզէն կը ձգուի եւ կուրծքին վրայ կը տարածուի, ադամանդեայ այլ եւ այլ նորաձեւ զարդեր եւ այլն։ Հարուստի կիները այս զարդի առարկաներուն գրեթէ մեծ մասը կ՚ունենան անպատճառ։ Էսնաֆի կիները եթէ ուրիշ զարդեղէն չունենան՝ գոնէ ոսկի շարոցը կունենան։
Ինչպէս ըսինք՝ եւդոկիացի կիները շպարուիլ չեն գիտեր. միայն հարսնիք երթալու կամ ուրիշ հանդիսական այցելութիւններու առթիւ անուշահոտութիւններ կը քսուին։ Կայ նաեւ հինայ դրուելու սովորութեան յետամնացութիւն մը։ Հարսնցու աղջիկներու մատներուն ծայրերը հանդիսաւորապէս հինայ կը դնեն հարսանեաց նախընթաց իրիկունը։ Այդ առթիւ ներկայ եղող տարեկից աղջիկներն ալ միեւնոյն կերպով կը հինայուին։ Հինան հաճելի կարմրութեամբ մը կը ներկէ մարմինը եւ ամիսներ կը տեւէ մինչեւ որ անհետանայ։ Կանանց հինայ դրուելու սովորութիւնը արեւելեան շատ հին սովորութիւն մըն է եւ աստուածաշնչական դարերէն ի վեր կու գայ։ Եգիպտական մոմիաներու եղունգներուն վրայ տեսնուած են հինայի նշմարանքներ։
ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
Ներքին գաւառներէն շատերուն մէջ կնոջ ընկերական կեանքը շատ անձուկ շրջանակի մը մէջ սեղմուած է։ Կինը այն տեղ իր շատ մօտիկ ազգականներէն զատ ուրիշ էրիկ մարդոց չի կրնար երեւիլ, անոնց հետ խօսակցիլ կամ ընկերական յարաբերութիւններ ունենալ։ Մենք չենք կարծեր, թէ բարքերու այս անիմաստ աններողութիւնը տոհմային հանգամանք մը ունենայ, զի սա աւելի յատուկ է քաղաքներու մինչ գեղերու մէջ կիները ազատօրէն կ՚երեւին եւ կը հաղորդակցին օտար էրիկ մարդոց հետ։ Այս պարագան մենք կը բացատրենք անով որ քաղաքներու մէջ հայ տարրը շա՛տ աւելի անձուկ շփման մէջ գտնուելով բնակակից եւ տիրող օտար տարրին հետ, անկէ ազդուած եւ իւրացուցած է շատ մը բարքի օտարութիւններ, որոնց հետ նաեւ այս աններողութիւնը, մինչ գեղերու մէջ հայ ժողովուրդը աւելի մեկուսացած կեանք մը ունենալով կրցած է պահել տոհմային բնիկ բարքերը եւ զերծ մնալ օտար ազդեցութիւններէ։ Եւդոկիացի հայ կինը սակայն այս տեսակէտով կը տարբերի քաղքըցի ուրիշ կիներէն։ Սկիզբէն ի վեր ան վայելած է բանաւոր ազատութիւններ, որոնք իրեն պատուաւոր եւ գրեթէ էրիկ մարդու հաւասար դիրք մը կու տան ընկերական շրջանակի մէջ։ Ան դատապարտուած չէ միայն կանացի անձուկ շրջանակի մէջ բանտուած ապրելու եւ էրիկ մարդու երես չտեսնելու. օրինակի համար՝ Եւդոկիոյ շատ մօտակայ Սեբաստիոյ կամ Ամասիոյ շատ մը հայ տուներուն մէջ դեռ մինչեւ հիմա էրիկ մարդ այցելու մը ընդհանրապէս տան էրիկ մարդերէն միայն պիտի ընդունուէր, եւ հոն տան տիկնոջ կամ տան աղջիկներուն փէշն անգամ պիտի չտեսնէր. եթէ ճաշի հրաւիրուած էր՝ միայն էրիկ մարդիկը պիտի ունենար իրեն սեղանակից:
Ընդհակառակը՝ եւդոկիացիք ամօթ եւ անպատշաճութիւն կը համարեն, եթէ տան տիկինը չերեւի հիւրին եւ չգայ անձամբ զանի բարեւելու եւ նստելով անոր որպիսութիւնը հարցընելու եւ հետը խօսակցելու։ Ճաշի ատեն ալ տան տիկինն ու տան աղջիկները ամբողջութեամբ կը մասնակցին սեղանին։ Այսպէս նաեւ երեկոյթներու, հարսնիքներու եւ ամէն տօնական կամ հանդիսական-խմբումներու առթիւ այր ու կին մէկտեղ կը նստին, կը խօսակցին, կը զբօսնուն եւ պատշաճութեան սահմանին մէջ էրիկ մարդոց եւ կիներու միջեւ ընկերական ամէն յարաբերութիւններ տեղի կ՚ունենան։
Եւդոկիացիք սովորութիւն ունին ամառը քանի մը ամիս օդափոխութեան երթալ իրենց ամարանոցները-դալարագեղ ու պտղալից այգեստաններ, ուր ընկերական կեանքը շա՛տ աւելի սերտ, արձակ եւ ձեւազուրկ հանգամանք մը կ՚առնէ։ Այգիներու մէջ կիները քաղաքէն աւելի ազատութիւններ կը վայելեն հոն, նոյնիսկ վար կը ձգեն չարշաֆը կամ շալը, որով անհրաժեշտօրէն ծածկուելու են քաղաքին մէջ տունէն դուրս ելլելու ատեն եւ բաց գլխով արձակ համարձակ այգիէ այգի կ՚երթեւեկեն։ Այս այգիները մեծ մասամբ փողոցի կողմէն միայն պատ ունին, իսկ ներքին կողմէն իրարմէ անջատուած են պարզ սահմանագիծերով. պարագայ մը, որ շատ կը նպաստէ ընկերական յարաբերութիւններու յաճախութեան եւ այգեխումբերուն կու տայ երեւոյթը ընդարձակ եւ հասարակաց դարաստանի մը, ուր բնակողները կարծես թէ միակ ընտանիքի մը անդամներն ըլլային, այնքա՛ն ընտանի եւ համարձակ են հոն իրարու հետ այր եւ կին, մանչ եւ աղջիկ։
Եւդոկիացի կիները ընկերական կեանքի մէջ կը հետեւին կարգ մը պայմաններու, որոնք կը կազմեն տեղական կենցաղագիտութեան կանոնները, եւ պէտք է ըսել, թէ այրերէն շատ աւելի նախանձախնդիր են յարգելու այդ կանոնները։ Նախ՝ ընկերութեան մէջ վայելուչ կերպով հագուած երեւալու, հիւրերն ու այցելուները վայելչօրէն պատուասիրելու, վերջապէս արտաքին երեւոյթներու շատ հոգ կը տանին, զայս շատ լաւ կը բացատրէ իրենց գործածած «սեւը ներս, ճերմակը դուրս ընել» ասացուածը։ Ասոր համար է, որ նոյնիսկ աղքատիկ կիներ, չնայելով իրենց ներքին կեանքի խեղճութիւններուն, սիրով կը հանդուրժեն նորանոր զրկումներու, նոյնիսկ իրենց հացէն կը կտրեն, երեւոյթներու պահպանման համար։ Կան կարգ մը պայմանադրական այցելութիւններ, զոր անպատճառ կատարելու են, եւ որոնք պարագային համեմատ զանազան անուններով կը յորջորջուին. ասոնք են աչքի-լոյսի այցելութիւնները՝ նշանախօսութեան, հարսնիքի եւ ծնունդի առիթներով, բարով-նստիքի այցելութիւնները՝ մէկուն տունէ տուն փոխադրուելուն առթիւ, երթայ-բարով, գայ-բարովի եւ բարի-եկերի այցելութիւնները ճամբորդ երթալու եւ գալու առիթներով, դուք շատ ապրիքի այցելութիւնները՝ մահ մը պատահած ատեն եւ այլն։ Այս այցելութեանց մէջ թերացումը բոլորովին աններելի կը համարուի եւ նոյնիսկ պահողութիւն առաջ կը բերէ ազգական եւ բարեկամ ընտանիքներու միջեւ։ Մահուան եւ ծնունդի այցելութիւններուն աղջիկները չեն ընկերանար իրենց ծնողաց, իսկ միւս ամէն առիթներուն մէջ մայրը իր աղջիկներն ալ միասին կը տանի այցելութեան։
Պայմանադրական այցելութիւններէ դուրս ալ ազգական ընտանիքներու միջեւ կը փոխանակուին յաճախադէպ այցելութիւններ։ Մանաւանդ ձմեռուան երկար գիշերներու միջոցին սովորութիւն է ընտանիքի ամբողջ անդամներով գիշերային այցելութիւններ տալ իրարու ժամանցի համար։ Այս հաւաքումներու միջոցին երբեմն կը զբօսնուն թղթախաղով, որուն այր եւ կին կը մասնակցին. եթէ ներկայ երիտասարդներուն մէջ նուագել գիտցող կայ՝ երաժշտական ժամանց մըն ալ կը վայելեն շատ անգամ։
Այցելութիւններու ատեն ընդունելութիւնները կը կատարուին հետեւեալ կերպով։ Նախ տան աղջիկները եւ հարսերը դէմ վազելով հիւրերուն՝ զանոնք ներս կ՚առաջնորդեն եւ կիներուն գլխու չարշաֆները կամ շալերը առնելով խնամով կը ծալլեն ու կը պահեն։ Տանտիկինը եւ ամուսինը սիրալիր խօսքերով հիւրասենեակ կ՚առաջնորդեն հիւրերը, ուր անոնց մէջէն էրիկ մարդիկ եւ տարիքոտ կիները զիրար բարեւելէ վերջ կը նստին։ Յետոյ այցելու աղջիկները կամ հարսերը տանտիկնոջ եւ ամուսնին ձեռքը կը պագնեն եւ անոնք ալ կը նստին իրենց պատշաճ տեղերը։ Անմիջապէս կու գան տան աղջիկները եւ հարսերը, որոնք հիւրերուն մէջէն տարիքոտ կիներուն եւ էրիկ մարդոց ձեռքերը կը պագնեն. իսկ տարեկից օրիորդներուն եւ հարսերուն ձեռքը կը սեղմեն. եթէ երիտասարդներ գտնուին՝ զանոնք ալ լոկ կը բարեւեն կամ ձեռքը կը սեղմեն։ Ձեռք պագնելը կը կատարուի համբուրուելիք ձեռքը բերնին եւ յետոյ ճակտին դնելով. եթէ ձեռքը պագնողը ամուսնացած է՝ միեւնոյն կերպով երկու անգամ կը պագնէ։ Բարեւելու համար բարեւողը իր ձեռքը բերնին եւ յետոյ ճակտին կը դնէ։ Ձեռք սեղմելը նորամուտ սովորութիւն է եւ հետզհետէ ընդհանրանալու վրայ։ Կիներու միջեւ այցելութիւններու առթիւ զիրար համբուրելն ալ հազուադէպօրէն սովորական դառնալ սկսած է։
Այս կարգի այցելութեանց մէջ միշտ նախապատուութիւնը կը վայելեն էրիկ մարդիկ եւ անոնք կը նստին պատուոյ տեղերը։ Հիւրերու իւրաքանչիւրը իր պատշաճ տեղը հրամցնելու նստեցնելու գործը երկարատեւ արարողութիւն մըն է Եւդոկիոյ մէջ, զի տեղական քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ, որ հիւրը քիչ մը նազ ընէ իրեն հրամցուած տեղը նստելու եւ ի նշան խոնարհութեան ուզէ աւելի վար տեղ նստիլ, մինչ տանտիկինն ալ ստիպէ զանի վեր նստեցնելու, որով առաջ կու գայ փոխադարձ քաղաքավարական երկարաբանութիւններով պզտիկ վէճ մը, որ պարզապէս ծաղրելի է։
Հիւրերը կը պատուասիրուին ընդհանրապէս սուրճով, օշարակով եւ օղիի հետ հրամցուած անուշեղէններով։ Մեկնելու ատեն բարեւելու եւ ձեռք պագնելու արարողութիւնները կը կրկնուին եւ տան աղջիկները շատ անգամ տանտիկինն ալ մինչեւ տան դուռը կ՚ընկերանան այցելուներուն։
Մեծ բարեկենդանի շաբթուն սովորութիւն է, որ ազգական ընտանիքներ իրար գան բարեկենդանը միասին անցընելու համար։ Այս առթիւ կիները եւ աղջիկները կը վայելեն աստիճան մը աւելի ազատութիւններ եւ մեծ մասամբ իրենք ալ կը մասնակցին սարքուած բարեկենդանական խաղերուն եւ զուարճութիւններուն։ Դիտելի է սակայն թէ ուրիշ գաւառներէ աւելի տիրող թոյլատու բարքերուն հակառակ՝ Եւդոկիոյ մէջ կիներու երգելը, պարելը եւ նուագելը ամօթ համարուած է, մինչդեռ կարգ մը գաւառներու մէջ ուր կիները ուրիշ տեսակէտով աւելի սեղմեալ բարքերու ենթակայ են, անոնց այրերու առջեւ եւ կամ անոնց հետ պարելը անսովոր բան մը չէ։ Եւդոկիացի կիներու կամ աղջիկներու մէջ նուագել գիտցող գրեթէ չկայ, իսկ երգել ու պարել գիտցող սակաւաթիւներն ալ միայն կանացի համախմբումներու մէջ կրնան երգել կամ պարել, դարձեալ ոչ առանց մեղադրուելու։ Երգերը տեղական եղանակներ, շարգիներ կամ մանիներ կ՚ըլլան ընդհանրապէս թրքերէն լեզուով, շատ քիչ ալ հայերէն երգեր։ Պարելը տեղի կ՚ունենայ առանձին արեւելեան ձեւով, մարմնի, գլխու մասնաւորապէս բազուկներու տարուբեր ծեքծեքումներով։ Բազմաթիւ անձերու ընկերակցութեամբ կատարուող շրջապարը անծանօթ է Եւդոկիոյ մէջ։
Տօնական օրերը եւդոկիացի կիներու համար ընկերական զուարճութիւններու մէյ մէկ առիթներ են։ Այդպիսի օրերու մէջ դուռ-դրացին, ազգական, բարեկամ կիներ իրար գալով եւ հետերնին առնելով մէյմ էկ մաս ուտելիք եւ մէյ մէկ քչիկ ալ օղի, կ՚երթան քաղաքէն դուրս վայրեր, ուր քանի մը ժամ բացօթեայ կ ՚ուտեն, կը խմեն եւ կը զբօսնուն։ Այսպիսի զբօսավայրեր են իրենց համար քաղաքին եզերքներու Ս. Լուսաւորիչ եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու շրջակայ բարձունքները, Ս. Քառասնից-Մանկանց եկեղեցւոյ պարտէզը եւ գերեզմանոցը եւ այլն։ Վիճակին (Համբարձման տօնին) ալ պարտէզներու եւ այգիներու մէջ իրար կու գան եւ վիճակ հանելով կը զբօսնուն, բայց այս վիճակ հանելու սովորութիւնն ալ ուրիշ բազմաթիւ տոհմային սովորութիւններու հետ հետզհետէ մոռցուելու վրայ է։ Վիճակ հանելը սապէս տեղի կ՚ունենար. տեսակ տեսակ բոյսեր եւ ծաղիկներ ժողովելով կը լեցնեն ջրալից ամանի մը մէջ. յետոյ ներկայ եղող կիներէն եւ աղջիկներէն իւրաքանչիւրը իր վրայէն մէյմէկ առարկայ կու տայ. զոր օրինակ՝ մատնի մը, բանալի մը, մատնոց մը, զմելի մը եւ այլն, զոր նոյնպէս կը լեցնեն նոյն ամանին մէջ, յետոյ պզտիկ աղջիկ մը ամանին առջեւ նստեցնելով՝ գլուխը մեծկակ պաստառով մը կը ծածկեն. այն ատեն ներկայ կիներէն մին քառեակ մը կամ մանի մը կ՚արտասանէ, աղջիկն ալ միւս կողմէ ձեռքը ամանին մէջ խոթելով առարկայ մը կը հանէ. ելած առարկան որուն որ վերաբերի՝ արտասանուած քառեակը կը ներկայացնէ անոր բախտը։ Այսպէս նորանոր քառեակներ արտասանելով եւ ամէն անգամուն նոր առարկաներ հանելով կը շարունակեն մինչեւ որ ամանին առարկաները հատնին բոլորովին։
Եւդոկիացի կիներու ընկերական կեանքին մէկ շատ գնահատելի կողմն է տնական գործերու մէջ տեղի ունեցող փոխադարձ օգնութիւնն ու գործակցութիւնը։ Շատ անգամ անոնք իրարու աշխատութիւններուն կ՚օգնեն եւ ինչ-ինչ գործեր զոր առանձին կատարելը երկար օրերու պիտի կարօտէր, ազգականներ, դրացիներ ժողվուելով հաւաքաբար կը կատարեն։ Նոյնպէս տնական գործիներ եւ կահկարասիներ իրարու փոխ տալ չեն զլանար։
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս