image

«Եթէ Մոսկուա մերժէ այս ծրագիրը ուրեմն դէմ է խաղաղութեան» Քիեւը Տոնպասի համար ծրագիր մշակած է

«Եթէ Մոսկուա մերժէ այս ծրագիրը ուրեմն դէմ է խաղաղութեան» Քիեւը Տոնպասի համար ծրագիր մշակած է

Քիեւը մշակած է Տոնպասի մէջ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ծրագիրը եւ կը սպասէ, թէ երբ Ռուսաստանն այն պիտի հաստատէ: Ինչպէս կը հաղորդէ РБК-ը, այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Երմաքը:

«Այսօր սեղանին դրուած է խաղաղ կարգաւորման յստակ ծրագիր, որ առաջարկուած է Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի, մշակուած է Ուքրանիոյ կողմէ, որ, ինչպէս կը կարծենք, կը համապատասխանէ Մինսքի համաձայնագրերու ոգիին»,- ըսած է Երմաքը:

Ուքրանիոյ ներկայացուցիչը մեկնաբանած է, որ խօսքը «շատ հզօր քայլի» մասին է, որ առաջարկած են երկու եւրոպական երկիրներ: Անոր խօսքով՝ եթէ Ռուսաստանը հաւանութեան չարժանացնէ ծրագիրը, այդ կը կնշանակէ, որ ՌԴ-ն խաղաղութիւն չուզեր տարածաշրջանին մէջ:

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարը հրադադարի ռեժիմը անուանած է Մինսքի գործընթացի խոշորագոյն ձեռքբերում, իսկ ատոր պահպանումը՝ կարեւոր պայման Տոնպասի հարցով բանակցութիւնները շարունակելու համար: