Իրանը չի պատրաստուիր քննարկել իր հրթիռային ծրագիրը ոչ հիմա, ոչ ալ ապագային, այդ պաշտպանութեան վերաբերող հարց է: Այս մասին Al Jazeera հեռուստաալիքին յայտարարած է Իրանի ԱԳ նախարար Ապպաս Արաքչին։
«Մենք չենք կրնար հրթիռներու շուրջ բանակցութիւններ վարել ոչ հիմա, ոչ ալ ապագային, քանի որ այդ պաշտպանութեան հարց է»,-ըսած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը։