Եթէ Միացեալ Նահանգներ սկսի միջոցներ ձեռնարկել միջուկային փորձարկումները վերսկսելու համար, Ռուսիա անմիջապէս հայելային պատասխան պիտի տայ։
Այս մասին RT հեռատեսիլային ալիքի եթերով յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերգէյ Ռիապքով, հաղորդած է ԹԱՍՍ:
«Եթէ սկսին գործընթացներ, որոնք նշանակեն, որ Միացեալ Նահանգներ կը նայի միջուկային փորձարկումներու վերսկսման ուղղութեամբ, Ռուսիա անմիջապէս հայելային պատասխան կու տայ», - ըսած է փոխնախարարը։
Մեկնաբանելով 2023 թուականի նոյեմբերին Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ Միջուկային փորձարկումներու համապարփակ արգելքի պայմանագիրի վաւերացման ետ կանչելը, Ռիապքով նշած է, որ Մոսկուայի «համբերութիւնը սպառած է»։
«23 տարի սպասած ենք, վերջակէտը դրուած է:
Թէ ինչ կ'ըլլայ յետոյ, բաց հարց է։
Անոր պատասխանը լիովին կախուած է այն գիծէն, որ կը հետապնդեն Միացեալ Նահանգներն ու անոր դաշնակիցները»,- ըսած է ան։
Ինչպէս պարզաբանած է Ռուսիոյ ԱԳՆ ղեկավարի տեղակալը, վաւերացման ետ կանչելը համարժէք չէ պայմանագիրէն դուրս ելլելուն։
«Մենք կը շարունակենք գործել անոր ոգիին եւ տառին համապատասխան»,- ընդգծած է ան։