image

Ես անձնապէս լաւատես եմ Հալէպի ապագայով. Տօքթ. Շուշիկ Շուշանեան

Ես անձնապէս լաւատես եմ Հալէպի ապագայով. Տօքթ. Շուշիկ Շուշանեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  հալէպահայ դեղագործուհի Շուշիկ Շուշանեան

 

-Դուք կը պատկանիք սուրիահայերու այն խաւին, որ պատերազմի ամբողջ ընթացքին նախընտրեց Սուրիա մնալ, ի՞նչով պայմանաւորուած էր այդ որոշումը:

 

Այո, ամբողջ պատերազմի շրջանին ես եւ ծնողքս Հալէպ մնացինք, քանի որ սկիզբէն ի վեր միշտ յոյս ունէինք, որ շուտ պիտի վերջանայ այս պատերազմը եւ շուտով մեր բնականոն կեանքին պիտի դառնանք, միշտ այդ յոյսով մնացած էինք, ցաւօք սրտի որ քիչ մը երկար տեւեց այդ շրջանը, բայց այդ յոյսն էր, որ մեզի ձգեց կարենանք գոյատեւել Հալէպի մէջ եւ իրապէս այդ դժուար օրերուն տոկալու մեր ջանքերը  ի զուր չեղան, Հալէպի մէջ պատերազմը ձեւով մը արդէն վերջացաւ, խաղաղութիւնը վերահաստատուեցաւ եւ արդէն մեր բնականոն կեանքը կը շարունակենք:

 

-Ինչպէս գիտենք, դուք դեղագործուհի էք, ձեր անձնական դեղատունը կը վարէք: Պատերազմի տարբեր փուլերուն եղա՞ն շրջաններ, որ անհրաժեշտ դեղեր բաւարար եւ հասանելի չէին եւ այդ ժամանակ ի՞նչ միջոցներու կը դիմէիք:

Դեղերու պակասութիւն եղաւ, այո, մանաւանդ պատերազմի առաջին տարին բաւական դեղեր արդէն չկային, դեղի ընկերութիւններու արտադրութիւնը մեծ տոկոսներով  նուազած էր, ընկերութիւնները իրենց արտադրական ծաւալի միայն 20-30 տոկոսը կրնային արտադրել, բաւական դժուարութիւններէ անցանք այդ առումով, յատկապէս ճնշումի եւ շաքարի դեղերու պարագային, շրջան մը եղաւ որ շուկան չէին գտնուէր, Հալէպի պարագան մասնաւորապէս աւելի ծանր էր, որովհետեւ ճամբաները փակ էին եւ դուրսէն ալ դեղեր չէինք կրնար ապահովել:  Միակ բանը որ կրցանք ընել այդ օրերուն փոխարինող դեղերուն դիմելն էր, այդ դեղերուն մօտ բաղադրութեամբ դեղեր կ'առաջարկէինք, անշուշտ բժիշկի թելադրանքով  կը դիմէինք այդ քայլին եւ այդ ձեւով կրնայինք շարունակել:


-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ներկայիս Սուրիոյ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ դեղորայքի ապահովութեան հարցը, որոշ դեղատեսակներու պակաս  դեռ կը զգացուի՞ կամ որակային անկումներ նկատելի՞ են, տեղական արտադրութեան դեղերը կը շարունակե՞ն արտադրուիլ, այդ մասին ինչ կրնաք պատմել, մանաւանդ որ դուք սուրիական «Ալֆա» ընկերութեան մէջ ներկայիս բաձր պաշտօն կը վարէք:

Ներկայիս արդէն բաւական լաւացած է դեղերու վիճակը, ընկերութիւնները ետ իրենց աշխոյժ վիճակին դարձան, իրենց արտադրութիւնները արդէն բաւարար քանակով կ'ընեն, մանաւանդ վերջին երկու տարուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ նոր տեսակ դեղերու արտադրութիւն ալ սկսաւ, որոնք պատերազմէն առաջ չունէինք, կրնամ ըսել որ 95 առ հարիւր արդէն դեղի բոլոր տեսակները ապահովուած են այս օրերուն: Բացի այդ, ինչպէս շատերուն յայտնի է սուրիական տեղական դեղերը միշտ բարձր որակի եղած են եւ մօտակայ երկիրներէ այսօր եւս մեծ պահանջք կայ սուրիական դեղերու: Իմ աշխատած ընկերութեանս օրինակով եթէ ըսեմ, «Ալֆա» ընկերութիւնը օրինակ այսօր գերմանական Dakks Iso 170025 վկայականը ունի, որ ամբողջ աշխարհի մէջ ընդունուած է եւ կը վկայէ թէ տուեալ ընկերութեան տարալլուծարաններուն մէջ կարելի է հումքի (չմշակուած նիւթեր) կամ պատրաստ դեղերու  բժշկական  քննութիւններ  իրականացնել:


- Հալէպահայութեան մօտ ներկայիս ի՞նչ տրամադրութիւն կը տիրէ, տրուած ըլլալով որ մէկ տարիէ ի վեր Հալէպը կ'ապրի խաղաղ շրջան մը, ի՞նչ է ընդհանուր տպաւորութիւնը:

 Համեմատած  անցեալին հալէպահայութեան վիճակը կրնանք ըսել 2018-ին բաւական բարելաւուած է, հայկական շրջանները արդէն բաւարար եւ լաւ ձեւով կը վերանորոգուին, Սուրիոյ այլ քաղաքներ՝ Լաթաքիա, Թարթուս եւայլն ապաստանած հալէպահայերու մեծ մասը Հալէպ վերադարձած են կամ արդէն կը պատրաստուին վերադառնալ, մանաւանդ որ այս ամառ անոնցմէ շատեր պտոյտի եկան, որպէսզի տեսնեն ներկայիս ինչ վիճակ կը տիրէ եւ համոզուեցան որ կրնան վերադառնալ իրենց տուները:


-Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան ապագան, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:

Հալէպահայ գաղութը միշտ եղած է աշխատող, աշխոյժ, լաւատես, շինարար եւ սիրուած՝ Սուրիոյ  ժողովուրդին կողմէն, եւ այդպէս ալ մնաց եւ կը շարունակէ մնալ: Հալէպահայութիւնը ինչպէս որ պատերազմին դիմացաւ եւ չլքեց Հալէպը, նոնյպէս ալ անկասկած որ պիտի գոյատեւէ, քանի որ հոս մեր արմատներն են, ուր մեր ճակտի քրտինքով  կերտած  մեր  կեանքը պէտք է  շարունակուի: Այդ յոյսով ենք, որ բոլոր  հեռացած հալէպահայերը  ետ Հալէպ  կը դառնան եւ յոյսով ենք , որ  մեր ապագան աւելի լաւ ըլլայ։ Ի վերջոյ հալէպահայը  իր  պատուաբեր լուրերով եւ   լուսաւոր դէմքերով ներկայանայ համայն աշխարհին եւ օրինակ դառնայ  ամբողջ  սփիւռքին: