Գերմանիոյ «Ձախեր» կուսակցութեան անդամ եւ Համպուրկի խորհրդարանի պատգամաւոր Մարթին Տոլցըրը 19 մայիսին, Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նշած է, որ այսօր Թուրքիոյ կառավարութիւնը տարածաշրջանին մէջ ապակառուցողական քաղաքականութիւն կը վարէ: Պատգամաւորը նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիան ներգրաւուած եղած է Ղարաբաղի մէջ վերջին ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն: «Էրտողանը այսօր նէոօսմանիզմի քաղաքականութիւն կը վարէ: Ան Սուրիոյ մէջ «Տահէշ»ի հետ կը համագործակցի, Թուրքիոյ մէջ՝ քիւրտերը կը բանաջնջէ, իսկ հայերու դէմ յարձակողական հռետորաբանութիւն կը վարէ»,-ըսած է Տոլցըր, աւելցնելով, որ Ղարաբաղի ապրիլեան յարձակումէն ետք Թուրքիան Ազրպէյճանի աջակցութիւն յայտնող առաջինը կողմը եղած է: «Ըստ մեր ստացած զեկոյցներուն` Ղարաբաղի դէմ ռազմական գործողութիւններուն ներգրաւուած եղած են նաեւ թուրք զինուորներ»,- ըսած է պատգամաւորը:
Տոլցեր նաեւ յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ռազմական համագործակցութեան հարցը արծարծուած է նաեւ Եւրայանձնաժողովի նիստի ընթացքին: