image

ՀՅԴ Պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի հանդիպումները՝ Կիպրոսի մէջ

ՀՅԴ Պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի հանդիպումները՝ Կիպրոսի մէջ

Օրերս Կիպրոս գտնուելուն առիթով, ՀՀ ազգային ժողովի՝ Հայաստան Դաշինքի Պատգամաւոր, Պրն. Արթուր Խաչատրեան հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի

խորհրդարանի Պաշտապանութեան յանձնաժողովի նախագահ Մարինոս Սիզոպուլոսիի հետ, ինչպէս նաեւ այլ  եւրոխորհրդարականներու հետ:

Արթուր Խաչատրեանի հանդիպումներուն մասին տեղեկութիւն քաղեցինք՝ «Կիպրահայեր» դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակուած տեղեկութիւնները։

Հայաստանի Ա Հանրապետութեան հռչակման հանդիսութեան առթիւ, Կիպրոս կը գտնուէր ՀՀ ազգային ժողովի՝ Հայաստան Դաշինքի Պատգամաւոր, Պրն. Արթուր Խաչատրեան։

Պրն. Խաչատրեան Մայիս 31-ին Հայաստանի Ա Հանրապետութեան հռչակման հանդիսութեան բանախօսն էր։ Ան, Յունիս 2- ին հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի

խորհրդարանի Պաշտապանութեան յանձնաժողովի նախագահ Մարինոս Սիզոպուլոսի հետ, ինչպէս նաեւ Յունիս 3-ին հանդիպում մը Կիպրոսի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Խարիս Եորեատիսի հետ։

Հանդիպումներ տեղի ունեցան նաեւ եւրոխորհրդարականներ՝ Կոստաս Մաւրիտիսի եւ Եէատի Եէատիսի հետ։

Հանդիպումները ծաւալեցան ընդհանրապէս երկու ժողովուրդները յուզող հարցերու շուրջ, յատկապէս Հայաստանի Արցախի եւ Կիպրոսի կապուած բնագաւառներուն շուրջ։ Արծարծուեցաւ Արցախի հիմնահարցի ներկայ հանգրուանը, Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, տարածաշրջանային կացութիւնը։ Խօսք եղաւ Հայ դատի հետապնդած աշխատանքներուն եւ հայութեան իրաւունքներու ու պահանջատիրութեանց նիւթերու շուրջ, երկկողմանի կապերու ընդլայնման կարեւորութեան եւ սերտ գործակցութեան։