Թուրքիա - «էրտողանի հիմնական նպատակն է խորհրդրանական ընտրութիւնները կրկնելը եւ ինչ որ կը կատարուի այսօր քաղաքական գետնի վրայ ընդամէնը թատրոն մըն է»,-«Արեւելք»ին ըսաւ Պոլսոյ հայկական «Ակօս» պարբերականի խմբագիր ՝ Եդուարդ Տանձիկեան: Տանձիկեան նաեւ նկատել տուաւ, որ Թուրքիա յայտնուած է բաւական մտահոգիչ իրավիճակի մը մէջ եւ աւելցուց, թէ «Թուրքիոյ ընդհանուր իրավիճակը բաւական մտահոգիչ է եւ սկիզբ առած այս պատերազմը կրնայ երկար շարունակուիլ»: Հայազգի խմբագիրը վերջին շրջանին արձանագրուող դէպքերուն սկիզբը համարեց Սուրուճի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումը, ուր 33 քիւրտ աքթիւիսթներ զոհուած էին: Ան այս առումով նկատել տուաւ, որ տեղի ունեցածը ծանր հարուած էր եւ իրենք եւս մեծ ցաւ ապրեցան եղած պատահարին առնչութեամբ: «Սուրուճի պայթումէն ետք պարզ դարձաւ, որ թուրք- քիւրտ հակամարտութեան նոր հանգրուանի մը ականատեսը պիտի ըլլանք եւ այդ մէկը բաւական մտահոգիչ է» ըսաւ Տանձիկեան, յիշեցնելով նաեւ, որ Թուրքիան նման արիւնալի դէպքերու թատերաբեմը եղած է: Ան հարցերը պատկերաւոր ձեւով ներկայացնելով ըսաւ , որ «մենք նման ֆիլմերու հանդիսատես եղած ենք»: Տանձիկեան խօսելով պոլսահայութեան ընդհանուր իրավիճակին մասին դիտել տուաւ, իր ներկայ հանգրուանին պոլսահայութիւնը վտանգուած չէ բայց իրավիճակը կրնայ կտրականապէս փոխուիլ , որովհետեւ գետնի վրայ, ոչ ոք կրնայ ըսել թէ այս դէպքերը մինչեւ երբ կրնան երկարիլ կամ ինչ զարգացումներու դուռ կրնան բանալ: Տանձիկեան անդրադառնալով անցնող 7 Յունիսին երեք հայ թեկնածուներուն Թուրքիոյ «Միլլի Մէճլիս» հասնելու իրողութեան դիտել տուաւ, որ «ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք շատ մեծ խանդավառութիւն մը կար պոլսահայութեան մօտ բայց ներկայիս բոլոր շրջանակները կը հետեւին զարգացումներուն եւ երեւելի է, որ ընդհանուր իրավիճակի լարուածութեան կապուած սպասողական վիճակ մը կ'ուրուագծուի»: Տանձիկեան դարձեալ յիշեցուց, որ Թուրքիոյ նախագահին գլխաւոր նպատակը ընտրութիւններու կայացումն է այն համոզումով, որ արտահերթ ընտրութիւններու ճամբով իշխող AKP կուսակցութիւնը կը յաջողի վերատիրանալ խորհրդարանի աթոռներու մեծամասնութեան: Ան նաեւ ըսաւ, որ ներկայիս Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւը կը փորձէ ամէն գնով ժամանակի գործօնէն օգտուելով աւարտի մը տանիլ նոր կառավարութիւն կազմելու 45-օրեայ ժամկէտը, որպէսզի կարելի ըլլայ հեզասահ կերպով խորհրդարանի նոր ընտրութիւններու կազմակերպումը յաջողնել: Տանձիկեան նաեւ նշեց, որ ներկայ իրավիճակը կրնայ ազգայնամոլ հատուածներու ուռճացման եւ զօրացման ծառայել , ան մը որ կրնայ վնաս հանդիսանալ Թուրէքիոյ մէջ ապրող բոլոր փոքրամասնութիւններուն: Յիշեցնենք, որ Տանձիկեան ներկայիս կը վարէ «Ակօս»ի գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը եւ ան ամիսներ առաջ փոխարինած էր Ռոպէր Քոբթաշը: