Հռոմի մէջ Օմանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած են միջուկային գործարքի շուրջ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի պատուիրակութիւններու անուղղակի բանակցութիւնները: Իրանական խումբը գլխաւորած է արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի, ամերիկեանը՝ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիվ Ուիթքոֆ:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ կողմերը փոխըմբռնման հասած են միջուկային հնարաւոր համաձայնագիրի սկզբունքներուն եւ նպատակներուն շուրջ, 23 ապրիլին Օմանի մէջ պիտի մեկնարկեն մասնագիտական խումբերու բանակցութիւնները, որմէ յետոյ պիտի շարունակուի Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի խումբերու միջեւ քննարկումներու երրորդ փուլը:
«Այսօրուան հանդիպումը կառուցողական էր եւ արդիւնաւէտ, առաջընթաց կը գրանցուի», - նշած է Ապպաս Արաքչի:
Բանակցութիւններուն նախորդ փուլը տեղի ունեցած էր Օմանի մէջ, կողմերն ընդգծած էին երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը: Այնուհանդերձ, Միացեալ Նահանգներու նախագահը չէ բացառած, որ գործարքի ձախողութեան պարագային Իրանի դէմ կրնան ռազմական գործողութիւններ ձեռնարկուիլ: