Օրեր առաջ թրքական բանակի տասնեակ սպաներ դիմում գրած են ՆԱԹՕ-ին՝ ապաստանեալի կարգավիճակ խնդրելով Ատլանտեան ուխտի միաւորէն:
Դէպքը աննախընթաց է Թուրքիոյ արդի պատմութեան մէջ: Յստակ է նաեւ, որ այս մէկը աւելիով կրնայ սրել Անգարա-Արեւմուտք, առանց ատոր ալ բաւական բարդ դրութեան մէջ յայտնուած կապերը:
Միւս կողմէ նուազ հետաքրքրական չեն Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւնները: Էրտողան առաջին անգամ ըլլալով հարցադրումով կը խօսի «Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերւպութեան» Թուրքիոյ անդամակցութեան մասին: Էրտողան նաեւ ըսած է, որ Թուրքիա «շատ աւելի հանգիստ» պիտի ըլլայ, եթէ այդ կազմակերպութեան անդամակցի:
Այս բոլորը անշուշտ տեղի կ'ունենան այն պահուն, երբ եւրոպական շարք մը մայրաքաղաքներու մէջ «եւրոպացի թուրքեր» բողոքի հաւաքներ կը կայացնեն եւ կը դատապարտեն Եւրոպական Միութեան ՝ Թուրքիոյ դէմ որդեգրած կեցուածքները:
Անշուշտ այս բոլորը կը կատարուին համակարգուած ձեւով եւ ըստ երեւոյթին Անգարա մտադիր է «բացայայտ շրջադարձ» մը ընելով թէքիլ դէպի արեւելք եւ նետուիլ դէպի «ռուսական ափ»:
Բաւական բրակմաթիք, արագ եւ անսպասելի այս նոր արեւելումն իր մէջ կը պարունակէ կարեւոր շեշտադրումներ, որոնց մասին այս պահուն վաղ է խօսիլը:
Թուրքիան վաղը կրնայ «Շանհկայի հնգեակ»ին անդամակցիլ ու այս «նոր ձիով» հաւասակշռութիւններու նոր եղանակներով շարժիլ:
Բացի անկէ, որ այս քայլը դրական շունչ մը կրնայ հաղորդել Եւրասիական տնտեսական միութեան համար, յստակ է նաեւ, որ Անգարա այս առումով կրնայ նախօրօք ձեռք բերուած համաձայնութիւններով շարժիլ:
Յստակ է նաեւ, որ Եւրոպայի հանդէպ Էրտողանի կեցուածքներուն կարծրացումը կապ ունի անցնող շաբաթներուն մէկէ աւելի եւրոպական «կեդրոնական զոն»երու մէջ PKK-ի հայր համարուող Ապտալլահ Օճանալի նկարներուն երեւումով:
Մինչեւ երէկ եթէ Էրտողանի իշխանութեան համար հիմնական թիրախը «Ֆէթօ»ն էր, այսօր սակայն յստակ է, որ Էրտողան ամէն գնով պիտի փորձէ , իր պայքարը սաստկացնել քիւրտերուն ու յատկապէս PKK-ի դէմ:
Իսկ ի՞նչ ընթացք կ'ունենայ այդ պայքարը, յստակ չէ, սակայն նշմարելի է, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը, երբ գրաւ կը դնէ «Շանկհայի հնգեակ»ին կամ ցանկացած «ռուսական ձեռագիր» ունեցող ծրագրի վրայ, այդ բոլոր քայլերը տեղի կ'ունենան (կամ պիտի ունենան) նախօրօք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ:
Լուսանկարին մէջ ՝ Էրտողան այցելութիւն կու տայ Ույղուրիստան