Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին յայտարարած է, որ Հայաստանը չի կրնար միաժամանակ դառնալ Եւրոպական Միութեան անդամ եւ պահպանել իր մասնակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ։
Ան շեշտած է, որ երկու համարկման միաւորումներուն անդամակցութեան համատեղումը ի սկզբանէ անկարելի է։
«Ի հարկէ, միաժամանակ երկու միութիւններու մէջ գտնուիլը անկարելի է։ Ինչպէս կ՚ըսեն՝ Հայաստանը չի կրնար միաժամանակ երկու հարսանիքի մէջ պարել»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Կալուզին։