image

Էրտողան ճնշումի տակ էր Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ.Յակոբ Գազանճեան

Էրտողան ճնշումի տակ էր Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ.Յակոբ Գազանճեան

  Օրերս կարեւոր զարգացումներ կը կատարուին Կիպրոսի մէջ: Խօսքը միջազգային ճանաչում չունեցող Հիւսիսային Կիպրոսի մասին է, յատկապէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի այդտեղ այցի լոյսին տակ:

Այս առումով, եւ յաւելեալ բացատրութիւններ ստանալու համար, «Արեւելք» դիմեց Կիպրոսի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Գազանճեանին:

Գազանճեան խօսելով ստեղծուած իրավիճակին մասին մասնաւորապէս ըսաւ, որ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան այցելած էր Կիպրոսի բռնագրաւուած տարածք, մասնակցելու Թուրքիոյ Կիպրոս ներխուժման 47-ամեակի տօնակատարութիւններուն եւ նոյն հասած օրը, երեկոյեան, ելոյթ ունեցած է, այսպէս կոչուած, Հիւսիսային Կիպրոսի «Ազգային ժողով»ի ատեանէ մը: Այստեղ Գազանճեան կարեւոր համարեց յիշել, թէ երկու գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւններու պատգամաւորները բացակայեցան «Ազգային Ժողով»ի նիստէն, բողոքելով Էրտողանի թուրք-կիպրացի ժողովուրդի իրաւունքները ոտնակոխելուն եւ վստահութիւնը չարաշահելուն դէմ:

Գազանճեան Էրտողանի ելոյթի  մասին յայտնելով իր կարծիքի, ըսաւ. « Իրենք շատ բան կը սպասէին Էրտողանի ելոյթէն, շատ մը կարեւոր յայտարարութիւններ եւ նորութիւններ: Ըսեմ, թէ շատ մը հարցերու ուղղութեամբ ան բաւականին վերապահ էր: Կ'ըսուի, թէ այս ուղղութեամբ ԱՄՆ-ի ճնշումը մեծ էր»,- աւելցնելով, որ Էրտողան իր ելոյթին մէջ շեշտը դրած է Կիպրոսի հիմնախնդրին, հաստատած է երկու ժողովուրդներու գոյութիւնը եւ երկու տարբեր պետութիւններու առկայութիւնը, անտեսելով ՄԱԿ-ի բանաձեւերը:

Գազանճեան նաեւ տեղեկացուց, որ Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութեամբ մը դատապարտած է Էրտողանի այցը Կիպրոսի Հիւսիս:

Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը նշեց, որ այս անգամ Ատրպէյճանի Ազգային Ժողովի միջկուսակցական պատուիրակութիւն մը, Սամետ Սէյիտովի գլխաւորութեամբ, հրաւիրուած էր մասնակցելու տօնակատարութիւններուն, որոնք ներկայ գտնուած են նաեւ «Ազգային Ժողով»ի նիստին, ունկնդրելու Էրտողանին, մեկնաբանելով, որ «Այս երեւոյթը մտահոգեցուցիչ է, նկատի ունենալով, որ ազերիներուն ներկայութիւնը սովորականէն դուրս բան մըն էր, որ քաղաքական նոր դրսեւորումներ կը նախատեսէ, ինչպէս՝ աւելի սերտ գործակցութիւն Ատրպէյճանի եւ, այսպէս կոչուած, Հիւսիսային Կիպրոսի միջեւ»: 

Որպէս վերջին ժամու լուր, Գազանճեան յայտնեց, որ Կիպրոսի թուրք առաջնորդ Էրսին Թաթար զօրահանդէսի աւարտին ըսած է, թէ որոշած են ապառազմականացնել բռնագրաւուած փակ Վարոշա քաղաքի 3,5 տոկոսը եւ՝ բանալ, կիպրացի- յոյն սեփականատէրերու վերադարձի համար, բայց թրքական իշխանութեան տակ, որ, ինչպէս ընդգծեց Գազանճեան, դարձեալ կ՚ոտնակոխէ ՄԱԿ-ի բանաձեւը: 

«Արեւելք»ի զրուցակիցը, եզրափակելով իր խօսքը, նշեց, որ Կառավարութեան խօսնակ Մարիոս Փելեքանոս ըսած է, որ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը յանձնարարած է Արտաքին գործոց նախարարին Էրտողանի  Հիւսիսային Կիպրոս այցելութեան վերաբերեալ  յատուկ նօթ մը ուղարկել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին։