Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը պիտի չմասնակցի Եոհաննըսպուրկի մէջ տեղի ունենալիք «G20»-ի գագաթնաժողովին, յայտարարած է Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ ըստ Die Zeit թերթին։
Հանդիպման ընթացքին Չինաստանը պիտի ներկայացնէ վարչապետ Լի Ցեանը։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս չեղարկած էին իրենց այցը։ Ըստ հրապարակման՝ այս պարագան առաջինն է «G20»-ի կազմութենէն ի վեր, երբ խումբի երեք խոշորագոյն երկիրներու առաջնորդները չեն մասնակցիր գագաթնաժողովին։
Սկիզբը Թրամփ նախատեսած էր իր մասնակցութիւնը յանձնարարել փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսին, սակայն հետագային սպառնաց ամբողջովին պոյքոթել հանդիպումը։ Քանի մը ամիս շարունակ ան կը մեղադրէր Հարաւային Ափրիկէի կառավարութիւնը՝ սպիտակամորթ փոքրամասնութեան նկատմամբ խտրականութիւն գործադրելու մէջ, եւ կը քննադատէր այդ երկրի ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը՝ ներառեալ հողային բարեփոխումները եւ Իսրայէլի դէմ յարուցուած դատական հայցը՝ Կազայի մէջ ցեղասպանութեան մեղադրանքով։
Յիշեցնենք, որ Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Սիրիլ Ռամաֆոսան կոչ ըրած էր Միացեալ Նահանգներուն՝ վերանայելու իրենց կեցուածքը Թրամփի կողմէ Եոհաննէսպուրկի գագաթնաժողովը պոյքոթելու որոշման վերաբերեալ։