image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ տրամադրուող արտաքին օգնութեան դադրեցումը կրնայ քաղաքացիական պատերազմի պատճառ դառնալ. Ռուպիո

Սուրիոյ տրամադրուող արտաքին օգնութեան դադրեցումը կրնայ քաղաքացիական պատերազմի պատճառ դառնալ. Ռուպիո

Սուրիոյ տրամադրուող արտաքին օգնութեան դադրեցումը կրնայ երկիրը ներքաշել լայնածաւալ քաղաքացիական պատերազմի մէջ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին նոյեմբեր 12-ին յայտարարած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն՝ Գանատայի Օնթարիօ քաղաքին մէջ կայացած Մեծ եօթնեակի (G7) արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին։

«Մենք կ՚ուզենք ապահովել անոնց յաջողութեան հասնելու բոլոր հնարաւորութիւնները։ Հակառակ պարագային դուք պիտի տեսնէք, թէ ինչպէս Սուրիան պիտի ներքաշուի լայնածաւալ քաղաքացիական պատերազմի մէջ եւ վերածուի անկառավարելի տարածքի»,- նշած է ան՝ աւելցնելով, որ նման զարգացումը կը սպառնայ «ամբողջովին նոր պատերազմով»։

Նոյեմբեր 10-ին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը Սպիտակ տան մէջ հանդիպած է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհի հետ: Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհ յայտարարած է, որ իր այցը Միացեալ Նահանգներ սկիզբ կը դնէ Սուրիոյ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ նոր փուլի՝ բանալով նոր հեռանկարներ։