Թուրքիան Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի, կ՚ուզէ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Հայաստանի հետ, եւ եթէ ճանապարհները բացուին, երեք երկիրներու, ներառեալ՝ Ատրպէյճանի ժողովուրդներն այդ փոփոխութիւնները որպէս կայունացնող գործօն պիտի դիտարկեն։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի՝ ծագումով հայ նախկին պատգամաւոր Կարօ Փայլանը։
Անոր գնահատմամբ՝ այդ պիտի զօրացնէ նաեւ Հայաստանը։
«Եթէ կայունութիւն չհաստատուի, բոլորն ալ կորուստներ պիտի կրեն։ Իսկ ի՞նչ այլընտրանք կայ։ Պատերազմը։ Մենք պատրաստ չենք պատերազմի։ Մենք կը կարծէինք, որ Ռուսիան պէտք է օգնէր, բայց 2020 թուականին ան չօգնեց։ Կրնա՞նք վստահիլ Միացեալ Նահանգներուն։ Ոչ։ Միացեալ Նահանգները նոյնպէս ոչինչ ձեռնարկեց, նաեւ Թրամփի նախագահութեան օրօք՝ 2020 թուականին։ Հետեւաբար, մեզի անհրաժեշտ է զօրաւոր տնտեսութիւն, ուժեղ բանակ եւ լաւ յարաբերութիւններ մեր հարեւաններու հետ։
Մենք տեսանք, որ Թուրքիան Ատրպէյճանին օգնեց 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ, բայց Թուրքիան ատկէ ոչինչ չշահեցաւ։ Շահեցան Ատրպէյճանն ու Ռուսիան, որոնք զորքեր ուղարկեցին Արցախ: Սակայն Թուրքիան ոչինչ շահեցաւ, նաեւ՝ տնտեսական տեսանկիւնէ։
Այդ ցոյց տուաւ, որ Թուրքիան ռազմական ճանապարհով ոչինչ շահեցաւ, մինչդեռ Հայաստանի հետ խաղաղութեան գործընթացի միջոցով կրնայ շատ բանի հասնիլ։ Որպէս արդիւնք, վերջին չորս տարուան ընթացքին Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ փոխուած է. Թուրքիան խաղաղութեան կողմնակից է»,- նշած է Փայլանը։
Նիւթը՝ News.am-էն