Լիմասոլի եւ Պաֆոսի հայութեան համար աշխոյժ ներկայութեամբ առանձնացող հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեան երեւելի յարգանքի արժանի կը դառնայ Լիմասոլ քաղաքի կառավարման եւ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ։
Օրերս Հայր Սուրբը մասնակից դարձած է Կիպրոսի Ազգային Տօներէն հանդիսացող «Օխի» («Ոչ») տօնին, որ կը նշուի իւրաքանչիւր տարուան հոկտեմբերի աւարտին։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ ներկայացուցած գրառումը՝
28 Հոկտեմբեր 2025-ին, Լիմասոլի մէջ, հայր սուրբը մասնակցեցաւ Յունաստանի ազգային տօնի դպրոցական , զինուորական տողանցքին եւ հանդիսութեան: Միջոցառման ներկայ էին եկեղեցականներ , բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ ներկայացուցիչներ:

