image
Հրատապ լուրեր:

Եթէ Փութինը յաջողութեան հասնի Ուքրանիոյ հարցով, յաջորդը պիտի ըլլանք մենք. Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար

Եթէ Փութինը յաջողութեան հասնի Ուքրանիոյ հարցով, յաջորդը պիտի ըլլանք մենք. Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար

Ուքրանիան ի վիճակի է շարունակել պատերազմը եւս երեք տարի, իսկ նման գաղութային պատերազմները սովորաբար կը տեւեն մօտ տասը տարի։ Ես չեմ կարծեր, որ Փութինը կրնայ դիմանալ ատոր եւս երեք տարի, յայտարարած է Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքին։

«Մենք կը կարծենք, որ եթէ Փութինը յաջողութեան հասնի Ուքրանիոյ հարցով, յաջորդը մենք պիտի ըլլանք: Այդպէս եղած է նաեւ նախապէս: Ահա թէ ինչու 20 տարի ՀՆԱ-ի 2% ծախսեր ենք պաշտպանութեան վրայ եւ հիմա արդէն՝ 4,7%», - նշած է Սիքորսքին:

Ան շեշտած է, որ խոտ կ՚ուտեն, բայց Ռուսիոյ գաղութ չեն դառնար: