Աւարտելով Ֆրեզնօ կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատուիրակութեան հետ միասին, օրերս այցելած է Սան Ֆրանսիսքօ եւ տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Վեհափառ Հայրապետի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Կանոնական Աղօթք:
Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը.
Աւարտելով Ֆրեզնօ կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը, Ուրբաթ, 7 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատուիրակութեան հետ միասին ուղղուեցաւ դէպի Սան Ֆրանսիսքօ: Քաղաքի մուտքին Հայրապետը դիմաւորուեցաւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեանի եւ եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն կողմէ: Ապա, Նորին Սուրբ Օծութիւնը, առաջնորդ սրբազան հօր՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ իր պատուիրակութեան հետ ուղղուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր հաւատացեալներ ակնկառոյց կը սպասէին իրենց Հայրապետին գալուստը: Եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջին ներքեւ եւ «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ Վեհափառ Հայրապետը մուտք գործեց եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք:
Ապա, խօսք առնելով առաջնորդ սրբազան հայրը՝ ըսաւ, թէ Արեւմտեան Հայոց Թեմ Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան վերջին հանգրուանը կը կայանայ Սան Ֆրանսիսքոն: Հակառակ այն իրողութեան, որ Նորին Սրբութիւնը բազմաթիւ այցելութիւններ կատարեց, ահաւասիկ նո՛յն կենսունակութեամբ կ՚այցելէ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր հայ գաղութին՝ ըլլալու համար իր ժողովուրդի զաւակներուն հետ:
Ներկայ ժողովուրդին ուղղելով իր պատգամը՝ Վեհափառ Հայրապետը իր անհուն ուրախութիւնը յայտնեց, որ չորրորդ անգամ ըլլալով կը գտնուի Սան Ֆրանսիսքոյի հայորդիներուն հետ: Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ. «ժողովուրդին բազմամարդ ներկայութիւնը ո՛չ միայն ուրախութիւն կը պատճառէ ինծի, այլ նաեւ կը դառնայ հզօրութեան աղբիւր, որովհետեւ ժողովուրդն է մեր կեանքին առանցքն ու ծառայութեան նպատակը՝ Քրիստոսի ներկայութեամբ շաղախուած»: Հայրապետը խօսեցաւ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելու կարեւորութեան մասին: Ներկայ դպրոցական աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը թելադրեց եկեղեցին, ազգն ու Հայրենիքը սիրել եւ անոնց ոգեղէն ներկայութեամբ կազմաւորուիլ դպրոցին մէջ:
Նորին Սրբութեան ոգեշունչ պատգամէն ետք եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական աջահամբոյր:



