image

Երկրաշարժէն ետք. Կարօ Փայլան կը պահանջէ 4 թուրք նախարարներու հրաժարականը

Երկրաշարժէն ետք. Կարօ Փայլան կը պահանջէ 4 թուրք նախարարներու հրաժարականը

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը  խորհրդարանին մէջ 4 նախարարներու մէկ նախադասութիւնէ կազմուած գրաւոր հարցադրում  ըրած է, «ինչո՞ւ հրաժարական չէք տար»:

Թրքական Bianet–ի հաղորդմամբ՝ Կարօ Փայլանի հարցադրումն ուղղուած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին, Շրջական միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումին, Հեռահաղորդակցութեան նախարար Ատիլ Քարաիսմաիլօղլուին եւ ելեկտրականութեան նախարար Ֆաթիհ Տոնմեզին։

Կարօ Փայլան որպէս հիմնաւորում իր հարցադրման՝ շեշտած է, որ տուեալ 4 նախարարները ձախողած են երկրաշարժի գօտիի իրենց պարտականութիւններուն մէջ։