image

Երկար տարիներու բացակայութենէ ետք. Պոլսոյ արուարձան համարուող Գուզկունճուք  շրջանին մէջ՝ պսակի արարողութիւն

Երկար տարիներու բացակայութենէ ետք. Պոլսոյ արուարձան համարուող Գուզկունճուք  շրջանին մէջ՝ պսակի արարողութիւն

25 տարի յետոյ, առաջին անգամ ըլլալով Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ տեղի ունեցած է պսակադրութիւն մը։

Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականը կը տեղեկացնէ.

 

Մեր համայնքի երիտասարդները ընդհանրապէս հայաշատ թաղերու մէջ է որ կը կատարեն իրենց Ս. Պսակի արարողութիւնը։ Արուարձանային թաղերուն նախընտրութիւն չի տրուիր եւ այդ է պատճառը որ այդ թաղերու եկեղեցիներուն մէջ կատարուած Ս. Պսակի արարողութիւնը կը դառնայ իրադարձութիւն ու կ'արձանագրուի պատմութեան էջերուն վրայ։

Երէկ գրած էինք Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պսակի արարողութեան մասին։

Այսօր ալ այդպիսի լուր մը ունինք Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն։ Թաղային Խորհուրդէն տեղեկացուցին որ 25 տարի յետոյ, առաջին անգամ ըլլալով այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ տեղի ունեցած է պսակադրութիւն մը։ Հարսի բարոյական հայրն էր Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, որու հետ թեւանցուկ հարսնցուն՝ Յոյսը մտաւ եկեղեցի ու իր կեանքը միացուց Արաս անունով երիտասարդին հետ։

Թաղային Խորհուրդը՝ Ատենապետութեամբ Մասիս Գույումճուի, հիւրընկալեց արարողութիւնը, յոյս ունենալով որ այսպիսի ուրախ արարողութիւնները կը ստանան շարունակական բնոյթ ու կը շէնցնեն եկեղեցական կեանքը։