image

Երեւանի մէջ. Տօնածառը պիտի լուսաւորուի 5 դեկտեմբերին (Տեսանիւթ)

Երեւանի մէջ. Տօնածառը պիտի լուսաւորուի 5 դեկտեմբերին (Տեսանիւթ)

Հայաստանի գլխաւոր տօնածառի լոյսերը կը վառին 5 դեկտեմբերին։ Այս մասին կը յայտնեն Կառավարութեան դիմատետրեան էջով։

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հայաստանի գլխաւոր տօնածառի լոյսերը կը վառին 5 դեկտեմբերին՝ ժամը 19:00-ին, եւ տեղի կ'ունենայ «Մանկական Եւրատեսիլ 2022»-ի բացման արարողութիւնը։

Յիշեցնենք, որ «Մանկական Եւրատեսիլ»ը այս տարի պիտի կայանայ Երեւանի մէջ 11 դեկտեմբերին: Այն տեղի կ'ունենայ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի մէջ:

20-րդ յոբելեանական «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին կը մասնակցին 16 երկրի ներկայացուցիչներ, որոնց կը միաւորէ «Պտտի՛ր հրաշքը» կախարդական կարգախօսը: Հայաստանը այս տարի մրցոյթին կը ներկայացնէ Նարէ Ղազարեանը: Ան 14 տարեկան է, կ'երգէ 8 տարեկանէն: Նարէն Գրիգոր Կէոկչեանի սանն է: