image

Լաթաքիոյ Քրիստոնեայ համայնքներու պետերու եւ հոգեւոր հովիւներու համաժողովի կազմակերպութեամբ՝ լուսաւորուեցաւ ամանորի և Ս. Ծնննդեան տօնածառը

Լաթաքիոյ Քրիստոնեայ համայնքներու պետերու եւ հոգեւոր հովիւներու համաժողովի կազմակերպութեամբ՝ լուսաւորուեցաւ ամանորի և Ս. Ծնննդեան տօնածառը

Լաթաքիոյ Քրիստոնեայ համայնքներու պետերու եւ հոգեւոր հովիւներու համաժողովի կազմակերպութեամբ եւ մասնակցութեամբ լուսաւորուած է ամանորի եւ Ս. Ծնննդեան տօնածառը՝ Յոյն ուղղափառ համայնքի Ս. Միքայէլ եւ Ս. Գաբրիէլ հրեշտակապետներու եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր, մասնաւորապէս, գրուած է՝

Լաթաքիոյ Քրիստոնեայ համայնքներու պետերու և հոգեւոր հովիւներու համաժողովի կազմակերպութեամբ Հինգշաբթի 19, Դեկտեմբեր 2024-ին երեկոյեան ներկայութեամբ հոգեւորականներու համաժողովի, և մեծ թիւով ցնծութեամբ լեցուած ժողովուրդի մասնակցութեամբ ու փողերախումբի նուագակցութեամբ լուսաւորուեցաւ ամանորի և Ս. Ծնննդեան տօնածառը, որ զետեղուած էր Յոյն ուղղափառ համայնքի Ս. Միքայել և Ս. Գաբրիել հրեշտակապետներու եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։

Մեդրոբոլիթ Աթանասիոս Եպս. Ֆէհտ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդ համաժողովի անունով կատարեց օրուան առթիւ շնորհաւորական խօսքը։