Երեւան -Կիւմրի ծանր արկածին հետեւանքով վիրաւորուած 5 անձերուն վիճակը կը համարուի ծանր եւ անոնց կեանքին վտանգ կը սպառնայ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդած է Կիւմրիի բժշկական կեդրոնի փոխ տնօրէն՝ Արմէն Խաչատրեանը։
Խաչատրեան նաեւ նշած է, որ արկածէն անմիջապէս ետք հիւանդանոց բերուած են 6 վիրաւորներ, որոնցմէ մին աւելի ուշ տարուած է Երեւանի համալսարանական հիւանդանոց։
Խաչատրեան խօսելով ստեղծուած իրավիճակին մասին մասնաւորապէս ըսած է՝ «Որոշների վիճակը ծանր է, միւսներինը՝ ծայրահեղ ծանր։ Եթէ կարողանանք կայունացնել վիճակները եւ մասնագիտացուած բժշկական օգնութեան ստանալու անհրաժեշտութիւն լինի, պէտք է տեղափոխենք մասնագիտացուած բուժարաններ, բայց այս պահին դեռ վաղ է այդ մասին խոսել»։
Կը նշուի նաեւ, որ արկածի ենթարկուած մեր հայրենակիցները կը վերադառնային Արեւմտեան Հայաստանէն եւ անոնք այդ ուղղութեամբ գացած էին ներգրաւուելով հայրենի զբօաշրջային ընկերութեան մը ծրագրին։
Արկածի հետեւանքով զոհուած էր 11 անձ, իսկ վիրաւորներու թիւը հասած էր 6-ի։