Հորմուզի շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու ուղղաթիռ կործանած է, կը գրէ The New York Times-ը՝ յղում կատարելով իր աղբիւրներուն։
«Հորմուզի նեղուցէն ոչ հեռու կործանած է ամերիկեան Apache մարտական ուղղաթիռը, անձնակազմի երկու անդամները յաջողութեամբ փրկուած են»,-նշուած է հրապարակման մէջ։
Թերթը աւելցուցած է, որ արտակարգ պատահարի պատճառները տակաւին պէտք է պարզուին։ Առայժմ յստակ չէ, թէ ուղղաթիռը խոցուա՞ծ է, թէ՞ ինկած է թեքնիքական անսարքութեան պատճառով։
ԱՄՆ նախագահ Թրամփը, իր հերթին, Նիւ Եորքի միջազգային օդակայանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին հաստատած է, որ յունիս 8-ին Հորմուզի նեղուցի մօտ ամերիկեան Apache յարձակողական ուղղաթիռ վթարի ենթարկուած է՝ նշելով, որ օդաչուները լաւ են։ Այս մասին հաղորդած է The Associated Press-ը։
«Օդաչուները լաւ են… Մենք վաղը զեկոյց կը հրապարակենք, բայց օդաչուները լաւ են», -ըսած է ան։