image

Պոլիս, Փարիզ, Երեւան. Մեծ նկարիչ Ճոտտոյի արուեստին հետ

 Պոլիս, Փարիզ, Երեւան. Մեծ նկարիչ Ճոտտոյի արուեստին հետ

Վրացահայ անուանի նկարիչ Ճոտտոյի՝ Գէորգ Գրիգորեանի թանգարանը Երեւանի մէջ հիմնադրուած է տակաւին 1977 թուականին եւ կը նկատուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի մէկ մասնաճիւղը, որ կը գործէ Մաշտոց պողոտայի վրայ՝ շէնքի մը մէջ: Այդ արուեստանոց-թանգարանին մէջ ներկայացուած են նկարիչի ստեղծագործական ժառանգութիւնը, յուշային ձեռագրային նիւթեր, անձնական իրեր:

Երեւանի քիչ մը թաքնուած, բայց նուիրական վայրերէն մէկն է Ճոտտոյի թանգարանը, Մատենադարանէն վար՝ շէնքի մը մէջ կը գտնուի եւ հոն ներկայ է ոչ սովորական կեանք ունեցած թիֆլիզահայ նկարիչի ոգին: Ժամանակին թանգարանը բացուած էր անոր այրիի՝ վրացուհի բանաստեղծ, արուեստագէտ Տիանա Ուկլեպայի ջանքերով, եւ կինն ալ եղած է թանգարանի առաջին տնօրէնը:

Թանգարանը երկար տարիներ չէր նորոգուած. վերջին շրջանին կառավարական մակարդակով հոն կը կատարուէին հիմնովին նորոգման աշխատանքներ։ Ահաւասի՛կ, օրերս մեծ շուքով վերաբացուեցաւ արուեստի այդ վայրը՝ երկու բացառիկ ցուցահանդէսով:

Առաջին յարկի ցուցահանդէսը Ճոտտոյի գործերն են, իսկ երկրորդ յարկին վրայ ցուցադրուած է պոլսահայ ստեղծագործողներ՝ Զապէլ եւ Տիգրան Եսայեաններու ժառանգութիւնը:

Ճոտտոյի ցուցահանդէսին ներկայացուած են երբեւէ չցուցադրուած գեղանկարչական աշխատանքներ, առաջին անգամ կը ցուցադրուին նաեւ Ճոտտոյի գծանկարչական գործերը: Արուեստանոց-թանգարանի մէջ զատ սրահ մը նուիրուած է նկարիչի կնոջ՝ Տիանա Ուկլեպայի արուեստին. ան նկարիչի յաւերժական ներշնչանքի աղբիւրը եղած է:

Ճոտտոյի իսկական անունը Գէորգ Գրիգորեան էր, սակայն որդեգրած էր Ճոտտօ ծածկանունը եւ այդպէս ճանչցուած էր արուեստի աշխարհին մէջ:

1897 թուականին Թիֆլիզ ծնած էր ան, 1916-1920-ականներուն ուսանած է Թիֆլիզի՝ Գեղարուեստը խրախուսող կովկասեան ընկերութեան նկարչութեան եւ քանդակագործութեան դպրոցին մէջ, նշանաւոր ուսուցիչներ եւ դասընկերներ ունեցած է, ինչ որ դրական ազդած է իր ստեղծագործական աշխարհին վրայ:

1921 թուականին երիտասարդ դերասաններու խումբի մը հետ, զոր կը գլխաւորէր Սուրէն Խաչատրեան (Արամ Խաչատրեանի եղբայրը), մեկնած է Մոսկուա՝ ուսանելու:

1921-1923 թուականներուն Մոսկուայի բարձրագոյն գեղարուեստական արուեստանոցներուն մէջ անդամագրուած է նկարիչներու «Հայարտուն» միութեան:

1922 թուականին սկսած է նկարչութեան դասեր տալ աշխատանքային դպրոցներու մէջ:

1948 թուականին կը սկսին արուեստի միջավայրէն ներս Ճոտտոյի մոռացութեան տարիները։ Յուսահատութեան եւ անելանելիութեան մէջ յայտնուած նկարիչը այդ պատճառով կ՚այրէ իր գործերէն երեք հարիւր գեղանկարչական աշխատանք:

1948-1957 թուականներուն կը հեռացուի Վրաստանի Նկարիչներու միութենէն, եւ արդէն 1962 թուականին կը տեղափոխուի Երեւան, ուր կ՚ապրի ստեղծագործական նոր վերելք: 1965 թուականին Երեւանի մէջ կ՚ունենայ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը:

Ճոտտօ կը մահանայ 1976 թուականին, իսկ ատկէ մէկ տարի ետք Երեւանի մէջ կը բացուի իր արուեստանոց-թանգարանը, երկու տարի ետք ալ թանգարանին պետական կարգավիճակ կը տրուի:

Ճոտտոյի աշխատանքները ոչ միայն այդ թանգարանին մէջ կը գտնուին, այլեւ սփռուած են Ժամանակակից ար-ւեստի թանգարանին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Հայաստանի եւ աշխարհի զանազան երկիրներու բազմաթիւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ։ Արուեստաբաններ Ճոտտոյի արուեստը կը բնորոշեն իբրեւ թիֆլիզեան իրականութենէն սնուած արուեստ մը, որուն մէջ ակնառու են մասնաւորապէս գունային եւ գծային ինքնատիպ կառուցուածքով դիմանկարները, բնանկարները: Ան ստեղծագործած է զուսպ գոյներով, բայց եւ այնպէս, կրցած է արտայայտել խոր յոյզեր։ Ճոտտոյի նկարներուն մէջ ամբողջ շարք մը կը կազմեն իր կնոջ պատկերները, որ ան վրձնած է զանազան տարիներու:

Թիֆլիզի մշակութային առանձնայատուկ մթնոլորտը, հայ ժողովուրդի անցեալը, ռուսական, վրացական, հայկական մշակոյթի ականաւոր գործիչները տեղ գտած են Ճոտտոյի փոքրաչափ գործերուն մէջ։ Անոր կտաւները ուշադրութիւն կը գրաւեն թիֆլիզահայ գեղանկարչական դպրոցին յատուկ գեղեցկութեամբ, կերպարային բազմազանութեամբ։

Նկարիչի սիրելի կինը՝ Վրաստանի պատուոյ շքանանշանի ասպետ Տիանա Ուկլեպան մահացած է շատ աւելի ուշ՝ 2001 թուականին եւ թաղուած է Երեւանի մէջ, ամուսնոյն կողքին: Անոր արուեստէն, ստեղծագործութիւններէն նոյնպէս նմոյշներ ներկայացուցած են ցուցահանդէսին:

ԵՒ ԶԱՊԷԼ ՈՒ ՏԻԳՐԱՆ ԵՍԱՅԵԱՆՆԵՐ

Ճոտտոյի թանգարանի երկրորդ յարկը զուգահեռաբար բացուած է «Երեք քաղաք՝ Պոլիս, Փարիզ, Երեւան. Տիգրան եւ Զապէլ Եսայեաններ» ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է պոլսահայ արուեստագէտ ամուսիններու՝ նկարիչ, արձակագիր Տիգրան Եսայեանի եւ գրող, հասարակական գործիչ Զապէլ Եսայեանի (Յովհաննիսեան) կեանքին ու գործունէութեան:

Առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուած է անոնց ժառանգութիւնը՝ լուսանկարչական արխիւ, նամակներ, անձնական իրեր, փաստաթուղթեր:

Դարասկիզբի հայկական գեղանկարչութեան յայտնի դէմքերէն Տիգրան Եսայեան (1874-1921թթ.) ծնած է Պոլիս, ապրած ու գործած է Փարիզ, սակայն կանխահաս մահը հարուածած է զինք Փարիզի մէջ:

Եսայեան մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Գեղարուեստից վարժարանէն ներս։ Երիտասարդ հասակէն եղած է գծագրութեան ուսուցիչ Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ։

1896 թուականին անցնելով Փարիզ, կատարելագործած է արուեստը, հետեւած է Գեղարուեստի ազգային վարժարանի դասընթացքներուն՝ աշակերտելով Ժան Փոլ Լորանին եւ ուսանած Ժիւլիէն ակադեմիոյ մէջ։

Անոր ուշագրաւ նկարներէն են «Բիւզանդական գերեզմանատունը», «Սկիւտարի սեմին վրայ», «Պոլիսի փողոցներէն մէկը», «Արեւելեան փէյզաժ» եւ այլն։ Հեղինակ է նաեւ գիրքի ձեւաւորումներու, թարգմանութիւններու։ Զբաղած է նաեւ քանդակագործութեամբ։ Եսայեան տէր էր ուրոյն տպաւորապաշտ ոճի մը։

Քանի մը տասնեակ գործեր կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Զապէլ Յովհաննիսեանին հետ ան ամուսնացած է Փարիզի մէջ՝ 1900 թուականին:

Զապէլ Եսայեանի կեանքն ու գործունէութիւնը հանրայայտ է, շատ գրուած եւ խօսուած է այդ մասին եւ Հայաստանի մէջ ալ վերջին տասնամեակին ամէն առիթով կ՚արժեւորուի պոլսահայ գրագիտուհին, որ անփառունակ վախճան գտաւ հաւանաբար Սիպերիա՝ աքսորի մէջ: Անոր մահուան թուականն ու հանգամանքները շատ յստակ չեն, սակայն որոշ է, որ նոյնիսկ բանտին մէջ մտաւորական կինը չէ կորսնցուցած իր ոգին եւ մինչեւ վերջին շունչը պայքարած է:

Մահէն շատ տարիներ ետք միայն արդարացուած է, իր գործն ու անունը արժեւորելուն զուգընթաց, հրատարակուած են գիրքերը, սակայն ցուցահանդէսի կազմակերպիչները նկատեցին, որ Զապէլ Եսայեանի գրական ժառանգութեան մէկ մասը տակաւին հրատարակուած չէ։ Կան ուշագրաւ ձեռագիրներ, նամակներ, անձնական արխիւին մէջ պահուող նիւթեր, որոնց ծանօթ չէ գրասէրը: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են բացառիկ անձնական իրեր, Եսայեանին պատկանած ձեռագործներ, իր եւ ամուսինին համատեղ լուսանկարները եւ ուսումնասիրողներուն համար ուրիշ արժէքաւոր նմոյշներ, գրութիւններ: Ցուցադրութեան մէջ առանձնակի տեղ ունի քննչական մարմիններու կողմէ կարուած թղթապանակը՝ Զապէլ Եսայեանի մեղադրական գործը, որու խոնաւ եւ դեղին էջերուն մէջ խորհրդային բռնապետութեան զարհուելի շունչը նստած է: Այդ կեղծ գործին հիման վրայ ալ Զապէլ Եսայեանը աքսորած են իր այնքան սիրելի հայրենիքէն, ուր ան արտասահմանէն ապրելու գացած էր հաւատով: Ուշագրաւ է, որ աքսորուելէն կարճ ժամանակ առաջ ան նամակ գրած էր Յակոբ Օշականին եւ իր հիացմունքը յայտնած հանդէպ հայրենիքին: Սակայն քանի մը տարի յետոյ արդէն անվերադարձ խորտակուած էր այդ հաւատը:

Իր ամուսինը՝ Տիգրան Եսայեանը, Պոլիսէն ետք հիմնականը գործած է Փարիզ, ահա ինչո՞ւ ցուցահանդէսի խորագրին մէջ յիշատակուած է նաեւ Փարիզը, ուր որոշ շրջան մը Զապէյ Եսայեան նոյնպէս գործած է:

Պոլսոյ յիշատակները նոյնպէս նկատելի են ցուցահանդէսին մէջ, ինչպէս նաեւ նկատելի են Տիգրան Եսայեանի գրողական ձեռագիրի հետքերը: Ան գեղարուեստի վերաբերեալ յօդուածներով աշխատակցած է «Ծաղիկ», «Անահիտ», «Արեւելեան Մամուլ», «Ազդակ» եւ այլ պարբերականներու։ Ֆրանսերէն եւ թրքերէն յօդուածներ տպագրած է երիտթուրքերու արտասահմանեան մամուլին մէջ՝ Միհրան ծածկանունով։ Յատկանշական է, որ իր առաջին ցուցահանդէսը Տիգրան Եսայեան ունեցած է Հայաստանի մէջ՝ 1935 թուականին, իր կնոջ՝ Զապէլ Եսայեանի ջանքերով: Զապէլ Եսայեան այդ ժամանակ Հայաստանի Պետական թանգարանին (որու հիման վրայ կազմաւորուած է Ազգային պատկերասրահը) նուիրած է իր ամուսնոյն մեծաթիւ աշխատանքները, որոնք այսօր արդէն պատմական արժէք ունին:

Նկարիչ Տիգրան Եսայեանի մէկ գործը՝ «Սուրբ Ժընեւիեւ փողոցը Փարիզին մէջ» խորագրով, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի մշտական ցուցադրութեան գոհարներէն է, որ ժամանակաւորապէս տեղափոխուած է Ճոտտոյի թանգարան՝ մասնակցելու այս ցուցահանդէսին:

Երեւանի մէջ բացուած ցուցահանդէսը կու գայ անգամ մը եւս արժեւորելու երեք քաղաքներէ անցած արուեստագէտ ամուսիններուն կեանքն ու գործը: Ճոտտոյի թանգարանին մէջ բացուած ցուցահանդէսի համադրողներն են Արփինէ Սարիբէկեանը եւ Հայկուհի Սահակեանը։

ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻՆ

21 օգոստոս, 1913 թուական, Պոլիս

Ազնիւ տիկին,

Ասկէ առաջ կիրակի օր մը Սկիւտար Ձեզի հանդիպիլ ուզեցի, դժբախտաբար տունը չէիք, եւ ես իմ յարգանքներս յայտնեցի Ձեր մօր եւ համակրութիւնս՝ Ձեր փոխանորդին, հուր ու կեծեկ Հրանտին։

Կ՚ուզէի Ձեզ տեսնել նախ՝ պարզապէս բարեկամական եւ մտաւոր քաղցր ժամանց մը վայելելու համար, երկրորդ՝ «Նաւասարդին» խոստացուած վիպակը խնդրելու համար Ձեզմէ։ Այս օրերս Սկիւտար պիտի չկրնամ անցնիլ, ուստի պիտի խնդրէի, որ սոյն վիպակը ինծի փութացնէիք՝ ըլլայ «Ազատամարտ»ի, ըլլայ նամակիս հասցէով՝ Ուսումնարան։

Յուսամ պիտի չուզէք մերժել, ծանօթ ըլլալով Ձեր քաղցր հոգիին եւ բոլորանուէր եւ ոսկի գրիչին։

Խորին յարգանքներով եւ համակրութեամբ՝

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

                                            *

Կ. Պոլիս, 14 օգոստոս, 1908 թուական

Տիկի՛ն,

Թուրքիան ճշմարիտ Սահմանադրութեան մը բարիքը վայելելու անակնկալ բախտը ունի այսօր: Մամլոյ ազատութիւնը կատարեալ է: Թուրք հայրենակիցներնիս ամէն բան ըրին եւ ամէն անկեղծութիւն ցուցուցին մոռցնել տալու համար անցեալի յիշատակը:

Մեր ազգին համար անհուն մեծարանք եւ համակրութիւն կը տիրէ ամէնուրեք: Բայց ո՞ւր է մեր ազգը. մեր մտաւորականները, մեր փողի մարդիկ բացակայ են: Մինչդեռ թուրքերը իրենց բոլոր մտքի եւ փողի արժէքը հոս կը հանեն, անսահման խանդավառութեամբ մը գործի կը ձեռնարկեն, մենք ոչինչ ընելու կարող ենք, վասն զի զարգացեալ հայութիւնը հոս չէ:

«Նոր Օր» անունով լրագիր մը հրատարակելու վրայ եմ: Այս գաղափարը յղանալուս հետ մէկտեղ իսկոյն ձեզի յիշեցի:

Տիկի՛ն, կ՚ուզէ՞ք Պոլիս դառնալ, իմ կազմելիք խմբագրական մարմնիս մասնակցիլ: Չեմ համարձակիր ըսել գրկաբաց պիտի ընդունիմ ձեզի, որովհետեւ Տիկին մըն էք. բայց այս բառին բոլոր իմաստովը ձեր գործակցութիւնը սիրով պիտի ողջունեմ:

Եթէ չէք կրնար Պոլիս գալ՝ կ՚ուզէ՞ք շաբաթը մէկ կամ երկու մէկ colonneի չափ գրական յօդուած մը կամ fantaisie մը ղրկել: Աւելորդ է ըսել որ եթէ ո՛չ արժանի ձեր կարողութեան եւ տաղանդին, զոր շա՛տ կը գնահատեմ, բայց իբրեւ չնչին նուէր մը՝ գոհացուցիչ վճարում մը պիտի ըլլայ ձեր աշխատութեան փոխարէն:

Բայց շատ ուրախ պիտի ըլլայի եթէ Պոլիս դառնայիք, ուր մեծ յաջողութիւններ կը սպասեն ձեզի եւ որուն համար իմ բոլոր ուժս ալ ի հարկին գործածելու պատրաստ եմ: Վայրկեան մը մի՛ կորսնցնէք:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Յարգանքներս ձեր ազնիւ ամուսնոյն:

Գ. Զ.

                                               *

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ ՕՇԱԿԱՆԻՆ

Ես Երեւան եմ արդէն երկու տարի եւ չափազանց երջանիկ ու հանգիստ եմ։ Կարող եմ ըսել՝ իմ կեանքիս մէջ բնաւ չէ եղած այսպիսի ժամանակաշրջան մը։ Հայաստանի մէջ ես կ՚ապրիմ ամբողջութեամբ իմ ցանկութիւններուս եւ զգացմունքներուս համահունչ։ Իմ աղջիկս ինծի հետ է եւ կ՚աշխատի հանրային գրադարանի արտասահմանեան գրականութեան բաժնի պատասխանատու։ Որդիս մեզ միացաւ անցեալ տարի, կ՚աշխատի որպէս արդիւնաբերական քիմիագէտ: Մենք բոլորս երջանիկ ենք եւ ապագային կը նայինք հաւատքով եւ ոգեւորութեամբ։ Կը խնդրեմ, չմտածես, որ այս տողերը կը գրեմ քարոզչութեան համար։

(հատուած, 1935 թուական)

Անուշ Թրուանց

Նիւթ՝ «Ժամանակ», Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...