image

Երէկ տեղի ունեցած Իրան- Սուրիա խաղին փայլուն ելոյթ ունեցած է սուրիահայ ֆութպոլիստ՝ Մարտիկ Մարտիկեան (Լուսանկար)

Երէկ տեղի ունեցած  Իրան- Սուրիա խաղին փայլուն ելոյթ ունեցած է սուրիահայ ֆութպոլիստ՝ Մարտիկ Մարտիկեան (Լուսանկար)

Երէկ տեղի ունեցած Մոնտիալ 2018-ի զտումի մրցումներու ծիրէն ներս, Սուրիա Իրանի հետ երկու հաւասար արդիւնք մը  գրանցելով անցած է յաջորդ  փուլ:

Տեղին է նշել, որ խաղի աւարտին հաւասարութեան կոլը նշանակած է սուրիահայ մարզիկ՝ Մարտիկ Մարտիկեան: Լաթաքիահայ Մարտիկեան խաղի վերջին վայրկեաններուն յաջողած է գնդակը բարեյաջող կերպով ուղարկել իր ընկերոջ, որն իր կարգին նշանակած է Սուրիոյ հաւասարութեան կոլը: 


 


Հայազգի ֆութպոլիստը, խօսելով Սուրիոյ պետական ալիքին, ըսած է. «Ամենակարեւոր բանը, որ  այսօր  իրագործեցինք, յաջորդ փուլ անցնիլնիս էր: Մենք միացեալ ոգիով կը խաղանք: Կը խաղանք Սուրիոյ համար, կը խաղանք Սուրիոյ ժողովուրդին եւ երեխաներուն համար, եւ բոլոր աշխարհին: Փառք  տանք Աստուծոյ այս յաղթանակին համար եւ վստահ եմ, որ այս յաղթանակը իրականացաւ, նաեւ Սուրիոյ  ժողովուրդին մաղթանքներուն  շնորհիւ: Յոյսով եմ որ կրնանք բան մը յաջողցնել, որ վայել ըլլայ Սուրիոյ անունին: Յոյսը դեռ կայ որ Սուրիա մասնակցի Մոնտիալի բաժակին եւ ես  վստահ  եմ, որ  Սուրիան  իր յոյսը չէ կորսնցուցած ոչ մէկ բանի մէջ»: