Նոյեմբեր 27-ին, Փարիզի «Ժորժ Փոմփիտու» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է մեծարանքի երեկոյթ մը՝ նուիրուած Երուանդ Քոչարի եւ Սերգեյ Փարաճանովի, յաջորդաբար՝ անոնց ծննդեան 125-ամեակին եւ 100-ամեակին առիթով։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ յոբելինական ձեռնարկին ցուցադրուած են Քոչարի՝ «Ժորժ Փոմփիտու» կեդրոնին մէջ պահուող երկու ստեղծագործութիւնները եւ Փարաճանովի «Աշուղ Ղարիպ» ժապաւէնը։
Ներկայ եղած են Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, «Ժորժ Փոմփիտու» կեդրոնի նախագահ Լոռան Լը Պոն, Փարիզի Արդի արուեստի թանգարանի տնօրէն Զաւիէ Ռէ, Քոչարի հարազատներն ու այլ հիւրեր։
Աւարտին տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն։