image

«Եփած ճաշերս նաեւ ճանապարհ են «տունդարձի».75-ամեայ Կարինէ Հաճեանի նորաբաց ճաշարանը (Լուսանկարներ)

«Եփած  ճաշերս նաեւ  ճանապարհ  են «տունդարձի».75-ամեայ Կարինէ Հաճեանի նորաբաց ճաշարանը (Լուսանկարներ)

 

 

Կարինէ Հաճեանը, Արեւելեան Եւրոպայի տնական ճաշատեսակները կը սպասարկէ Լոս Ալամիթոսի մէջ գտնուող փոքրիկ թաղամասին մէջ։

Ճաշարան բանալը վերջին բանն էր, որ Կարինէ Հաճեանը կ՚ենթադրէր ընել 73 տարեկանին՝ 40 տարի հիւանդապահութեամբ  զբաղելէ ետք։

Ձանձրոյթը եւ նոր մարդոց ծանօթանալու փափաքը եւ ամուսինին խանութին քովի ազատ տարածքը մղեցին զինք նոր աշխատանք սկսելու: 2020-ին, Հաճեան մտադրած էր «Պորշ»ի ճաշարան բանալ, բայց համաճարակը վրայ եկաւ: Յաջորդ երկու տարիներու  ընթացքին շարունակեց տարածքին համար վարձք վճարել եւ ճաշատեսակներ փորձել, եւ Ապրիլ 2022-ին ի վերջոյ բացաւ ճաշարանը:

Ճաշարան մտնելով յաճախորդները կը տեղափոխուին Արեւելեան Եւրոպա։ Խանութի պատերուն դարակներուն վրայ զետեղուած են Հայաստանի, Չեխիոյ եւ Լեհաստանի անուշներով, թթուաշներով եւ անուշեղէններով։ Իսկ մուտքի սառնարանին մէջ զետեղուած են սառած խմորեղէնի տեսակներ: Հաճեան իր օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 6-ին, պատրաստելով  ճաշատեսակները՝ ապուրները, աղցանները եւ կաղամբով լիցքերը, մինչեւ ճաշարանին դուռը բանալը ժամը 11:00-ին: «Մեր սառնարանը մեծ չէ, հետեւաբար ուտելիքները օրը օրին կը պատրաստենք»,-կ՚ըսէ ան: «Ես այլեւս չեմ ձանձրանար»,- կ՚աւելցնէ  Կարինէ։

Ան առանձինը կը վարէ ճաշարանը՝ երբեմն-երբեմն իր ամուսնոյն եւ տղուն աջակցութեամբ: «Ըլլալով հիւանդապահուհի, տարիներու ընթացքին՝ ես վարժուած էի քրտնաջան աշխատանքի եւ երբ նոր բացինք ճաշարանը, ո՛չ խոհարար ունէինք, ոչ ալ աման լուացող մեքենայ, ամէն բան ես կ՚ընէի։ Հիմա նոյնիսկ ամէն բան ես կ՚ընեմ, միայն մէկ պաշտօնեայ ունինք»,- կը   շարունակէ Կարինէն։

Մինչեւ 1973-ին Միացեալ Նահանգներ գաղթելը, մեծնալով Խորհրդային Հայաստանի մէջ, Հաճեան ճաշ եփել սորված էր Ատրպէյճան ծնած իր մեծ մօրմէն: Ան մշակելով այդ ճաշատեսակները, կազմեց «Պորշ Տէլի»ի ճաշացուցակը։ Ան  կատարելագործած էր կաղամբի  լիցքը  եւ «բէրաշկի»ին,  50 տարիներու ընթացքին իր ընտանիքին համար եփելով։ Ընտանիքը բաղկացած  է երկու զաւակէ եւ երկու թոռներէ: «Զաւակներուս համար պատրաստած կերակուրս, մանկութեանս կերած կերակուրս է»,- կ՚ըսէ ան: «Այժմ այդ նոյն կերակուրն է, որ ես կը կիսեմ համայնքիս հետ»,- կ՚ըսէ Հաճեան։

Հաճեան «Պորշ Տէլի»ն կը նկարագրէ իբրեւ «Ցուրտ գիւղի ուտեստ»՝ սիրով յագեցած եւ հայեցի դաստիարակութեան հաւատարիմ: «Եփելը, ինծի համար պատմութիւն է», - կ՚ըսէ ան: «Ան ոչ միայն ճաշ է, այլ պատրաստման գործընթաց՝ բաղադրութիւնը, ձեւը, նոյնիսկ կաթսաներն ու տապակները»,- կ՚ըսէ Հաճեան։

Հաճեանի կաղամբի լիցքի  ճաշը կը պատրաստուի կանաչ կաղամբի տերեւներով, որոնք կը շոգեխաշուին մինչեւ որ փափկին եւ կը փաթաթուին կովու աղացած միսով, բրինձով եւ թարմ ազատքեղով: Մեծ  լիցքերը իւրաքանչիւրը մէկ ճաշաբաժին, այնուհետեւ ժամերով կ՚եփին լոլիկի թացանին մէջ: Թարմ կաղամբի փաթոյթի գոլորշին կը բացայայտէ միսին եւ բրինձին հիւթեղ միջուկը: «Շատ աշխատանք կը պահանջէ, բայց ան զիս «տուն» կը վերադարձնէ», - կ՚ըսէ Հաճեան:

   

Հաճեանին առանձնայատուկ ուտեստը անոր ճակնդեղի պորշն է, որ կը պատրաստուի մէկ օր առաջ, կովու ոսկորներու արգանակով: Երբ միսն ու ոսկորը բաւականաչափ համ կը ստանան, անոր վրայ կ՚աւելցուի կարմիր ճակնդեղը, կաղամբը, վայրի կաղամբը, նեխուրը, ստեպղինը, սոխը եւ բուռ մը թարմ սամիթ: Պորշի իւրաքանչիւր ճաշաբաժինին կողքին կը մատուցուի թթուասեր։ Հաճեան կ՚առաջարկէ թթուասերը ապուրին վրան դնել, ճակնդեղի քաղցրութիւնը նուազեցնելու համար: Բուսակեր յաճախորդներուն համար, Հաճեան կը պատրաստէ բանջարեղէնի ապուր:

Բացի արեւելաեւրոպական դասական ճաշերէն, ինչպէս կաղամբի փաթոյթը, «ստալիչնի» աղցանը (գետնախնձորով աղցան եփած ձուով եւ սամիթով) եւ կովու միսի սթրոկոնոֆէն, Հաճեան նաեւ կը մատուցէ լիբանանեան ճաշատեսակներ, որոնցմով ամուսինը՝  Ճօրճը, մեծցած է։ 

«Ես կ՚ուզէի ճաշացանկին վրայ «հումմուս» աւելցնել, բայց ամուսինս մօր թապպուլէն խնդրեց», - կ՚ըսէ Հաճեան: Նախապէս թապպուլէ պատրաստած չըլլալով, բարեկամներէն եւ ընտանիքի անդամներէն սորվեցաւ, թէ որքան ձաւար եւ որքան ազատքեղ պէտք է աւելցնէ։ Ճօրճի առաջարկով վարունգ ալ աւելցուց։ Ե՛ւ Ճորճին, ե՛ւ Կարինէին մանկութեան ուտելիքն է  խաղողի տերեւներով պատրաստուած լիցքը (սարմա կամ տոլմա), քանի որ ան ե՛ւ լիբանանեան, ե՛ւ հայկական խոհանոցին մաս կը կազմէ։ «Պորշ Տէլի»ին լիցքը կը բաղադրէ նուռի թթու՝ քիչ մը քաղցր եւ թթու համ տալու համար: Ճօրճը ընդհանրապէս կը նստի ճաշարանին անկիւնը եւ կ՚ուտէ թապպուլէ եւ տապկուած հաւու քոթլէթ:

«Պորշ Տէլի»էն բխող ջերմութիւնը միայն ճաշացուցակին մէջ չէ: Տեղացի բնակիչները ըլլան, կամ հետաքրքրասէր նորեկները, որոնք կանգ կ՚առնեն տնային ճաշեր համտեսելու, կամ առաջին անգամ «պորշ» փորձելու, կը հանդիպին Կարինէին, Ճօրճին եւ անոնց որդիին՝ Արիին սիրալիր ողջոյններուն, ժպիտին, գրկախառնութեան եւ յագեցած ճաշամաններուն: «Ընտանիքս տարիներէ ի վեր Լոս Ալամիթոս/Լոնկ Պիչ համայնքին մաս կը կազմէ», - կ՚ըսէ Կարինէն: «Այժմ ես կրնամ բաժնեկցիլ մեր ճաշերը նաեւ համայնքին հետ»:

  

  

 

 Նիւթը ՝ Ճուտիթ Ռոնթալի 

 Աղբիւր՝ La. Eater

 «Արեւելք»ի համար թարգմանեց՝ Ն. Տաղլեան