Օրերս Էլազըղի (Մալաթիայի մերձ, ատենօք հայաշատ շրջան) տեղի հայ հանրութեան այցելութիւն մը տուած է Պոլսիոյ միաբանութեան անդամ քահանայ հայրերէն՝ Արժ. Տ. Ներսէս քհնյ. Այվազեանը։
Շրջանի ժողովուրդը, որոնք մեծ ծարաւ ունին կրօնական արարողութեանց ու այդ առթիւ ալ ստեղծուող մտերմիկ մթնոլորտին խնդրանքով յորդորած են Պոլսոյ Աթոռի պատասխանատուները, որ նման այցերը դառնան յաճախակի։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Նոր Մարմարա»ի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան 1 Մարտ 2024, Ուրբաթ առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցաւ Էլազըղ եւ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն համայնքէն Եթքին Եաղճըի կողմէ եւ հիւրասիրուեցաւ Արման Եաղճըի բնակարանին մէջ։
Յաջորդ օր՝ 2 Մարտ, Շաբաթ առաւօտ, Գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ կատարուեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որու աւարտին Տէր Հայրը քարոզեց նիւթ ունենալով Մեծ Պահքն ու անոր կիրակիները, իմաստը, պահքի, ապաշխարութեան կարեւորութիւնը եւ ներումը։ Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները։ 4.5ամեայ տղեկ մը՝ Արման Եաղճըի որդին արտասանեց Դաւիթ Մարգարէի 23րդ սաղմոսը։
Ապա կատարուեցաւ խաչահանգիստ։ Այցելութիւն տրուեցաւ գերեզմանատան շիրիմներուն եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Տէր Հայրը այցելութիւն տուաւ տեղւոյն Ասորի համայնքի հովիւ Մուշէ Տաղ Վրդ.ին։ Ապա տուներ այցելեց եւ մեր համայնքի հիւանդ անդամներուն Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեց։
Երկօրեայ այցելութեան աւարտին Էլազըղի մեր ժողովուրդը աղօթակից եղաւ Տէր Հօր, իր անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ փափաք յայտնեցին, որպէսզի գոնէ ամիսը անգամ մը հոգեւոր հայրեր այցելեն շուրջ 35 հոգիներէ բաղկացեալ մեր ժողովուրդը եւ արարողութիւններ կատարեն ու քարոզեն ի շինութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին։ Տէր Հայրը նոյն գիշեր վերադարձաւ քաղաքս։