Օրերս իր լրումին հասաւ Եգիպտոսի յեղափոխութեան 10-րդ տարին:
Այս առթիւ հայրենի ՝ «Ալիք Մետիա»ն հարցազրոյց մը կատարած է Եգիպտոսի ՀՅԴ օրկան «Յուսաբեր»ի խմբագիր՝ Զաւէն Լիյլոզեանին հետ.
Իր շահեկանութեան համար նիւթը (արեւմտահայերէնի վերածուած) ամբողջութեամբ կը յանձնենք «Արեւելք»ի ընթերցողներու դատին։
Տասը տարի առաջ՝ այս օրերուն, Եգիպտոսի մէջ տեղի կ'ունենային բողոքի ցոյցեր, քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւններ, որոնք համարուեցան «Արաբական գարուն» շարժման կարեւոր իրադարձութիւններէն: 1 Փետրուարին Գահիրէի «Թահրիր» հրապարակին մէջ արդէն հաւաքուած էր մէկ միլիոն ցուցարար: Որպէս հետեւանք, 11 փետրուարի երեկոյեան Հոսնի Մուպարաքը, որ երկրի նախագահն էր 1981-էն, հրաժարական տուաւ: Չնայած ցոյցերն ընդհանուր առմամբ խաղաղ էին, բայց բախումներու հետեւանքով եղան հարիւրաւոր զոհեր եւ հազարաւոր վիրաւորներ։
Գահիրէի «Յուսաբեր» հայկական թերթի խմբագիր, հրապարակախօս Զաւէն Լիյլոզեանի բնութագրմամբ այն, ինչ տեղի ունեցաւ, դժուար է յեղափոխութիւն անուանել, որովհետեւ յետոյ պարզուեցաւ՝ «լաւ բեմադրուած գործողութիւն էր»:
«Սկիզբը յայտնի չէր, թէ յեղափոխական ուժերը որոնք էին, կը կարծէինք, թէ երիտասարդութիւնը ոտքի կանգնած է եւ երկրին մէջ փոփոխութիւններ կ'ուզէ, մինչդեռ յետոյ պարզուեցաւ, որ կազմակերպուած ուժեր կային, որոնք այդ ուղղութեամբ ջանքեր թափած էին. անոնք ներսի ուժեր էին, որոնք կ'աշխատէին դուրսի համար»,-ըսած է Լիյլոզեան։
Անոր կարծիքով, 2011-ի արմատները շատ հեռուէն կու գան՝ դեռ 1919-23 թուականներէն, երբ Եգիպտոսի մէջ բռնկած համաժողովրդական ապստամբութիւնը ցնցեց բրիտանական կայսերապաշտութեան հիմքերը:
«Այդ թուականներուն էր, որ տեղեկութիւններու համաձայն՝ բրիտանական հետախուզութիւնը ազգայնական շարժման հակազդելու համար հիմնեց «Իսլամ եղբայրներ» միջազգային կազմակերպութիւնը, որու օրակարգը մինչեւ հիմա արտաքին ուժերը կը թելադրեն։ Ահա այդ ուժերը կանգնած էին 2011-ի 25 յունուարի ապստամբութեան ետին: Ընտրուած օրն ալ պատահական չէր. 25 յունուարը բրիտանական զօրքի դէմ ոստիկանութեան հերոսական դիմադրութեան նահատակներու յիշատակի օրն է»։
Հիմնադրման տարիէն՝ 1913 թուականէն ի վեր «Յուսաբեր» թերթը լուսաբանած է Եգիպտոսի բոլոր կարեւոր իրադարձութիւնները՝ անցեալ դարասկիզբի համաժողովրդական ապստամբութիւնը, 1952-ի յուլիսեան յեղաշրջումը, որ հետագային յեղափոխութիւն անուանուեցաւ, 1977 թուականի «հացի խռովութիւնները», Եգիպտոս հասած «Արաբական գարունը», 2013-ի ռազմական յեղաշրջումը, քաղաքական, տնտեսական այլ իրադարձութիւններ:
Այսօր ալ «Յուսաբեր»-ը, թէեւ արդէն տպագիր տարբերակով լոյս չի տեսներ (կը տարածուի ելեկտրոնային տարբերակով), կը շարունակէ հայութեան վերաբերող նիւթերու կողքին գրել նաեւ երկրի կարեւոր իրադարձութիւններու մասին:
«2011 թուականի յեղափոխութիւն կոչուածը եղաւ յանուն ժողովրդավարութեան, յանուն առաջադիմութեան, ընդդէմ փտածութեան, սակայն կարելի չէ ըսել, թէ տնտեսական առումով երկիրը այդ ժամանակ վատ վիճակի մէջ էր: Դրամը արժեզրկուած չէր, կենցաղը կազմակերպուած էր, երկրին մէջ հնարաւորութիւններ կային թէ՛ աղքատ, թէ՛ հարուստ խաւերու համար: Իմ կարծիքով յեղափոխութեան հիմնական նպատակը երկրին մէջ երեսուն տարի իշխած նախագահը՝ Մուպարաքը գահընկեց ընելն էր, որ յաջողեցաւ: Ան բացառիկ կարողութեան տէր մէկը չէր, որ երեսուն տարի իշխանութեան ղեկին մնար: Ճիշդ է, ան չդաւաճանեց իր հայրենիքը, բայց անոր օրօք մեծ ոստումներ ու առաջադիմական քայլեր չեղան երկրին մէջ, ամէն ինչ մոխրագոյն էր: Բանակի հրամանատարութիւնը շատ կազմակերպուած ձեւով այս ամէնն իր հիմնական հակառակորդի՝ «Իսլամ եղբայրներ»-ու ձեռքով բեմադրեց, որպէսզի նաեւ թոյլ չտայ, որ իշխանութիւնն անցնի Մուպարաքի որդիին»,- ըսած է Զաւէն Լիյլոզեանը՝ յիշեցնելով, որ յեղափոխութեան հռչակած գաղափարներու՝ ժողովրդավարութեան, խօսքի ազատութեան առումով սահմանափակումները Եգիպտոսի մէջ միայն աւելցած են, երբ բանակը վերստին իրադրութեան տէրը դարձած է:
2011-ին յաջորդեց 2013-ի ռազմական յեղաշրջումը։ Բանակը, վարպետօրէն երեք նշանակէտի խփելով, Մուպարաքի որդիին արգիլեց ժառանգել հօր իշխանութիւնը, «Իսլամ եղբայրներ»-ը վարկաբեկեց եւ երկար ժամանակով քաղաքական ազդեցութենէն զրկեց, երկիրը դուրս բերաւ այսպէս կոչուած «Արաբական գարնան» յորձանուտէն՝ ի հեճուկս արաբական միւս երկիրներու:
«Ատոնք ընդամէնը մեծ ու հնչեղ բառեր են՝ յեղափոխութիւն, արաբական գարուն, արաբական զարթօնք եւ այլն: Արաբական այն երկիրները, որոնք անցան այդ ճանապարհը, նորէն վատ վիճակի մէջ են: Այսօր Լիպիոյ մէջ ալ վիճակը աւելի վատ է, քան յեղափոխութենէն առաջ էր, Թունիզիոյ մէջ էլ « Իսլամ եղբայրները» կը շարունակեն խլրտալ, Սուրիան ներքին եւ արտաքին պատերազմ կը մղէ արդէն տասը տարիէ աւելի։ Երրորդ աշխարհի ժողովուրդները ժողովրդավարական յեղափոխութիւններու պատրաստ չեն, այդ շարքին՝ Եգիպտոսը, Հայաստանը: Տարածաշրջանային ոչ մէկ երկիր, ուր վերջին տասնամեակին այդպիսի յեղափոխութեան անուան տակ շարժումներ եղան, կը տեսնենք, որ խաղաղ չէ: Արեւմուտքը խառնեց արաբական աշխարհը, ու մինչեւ հիմա խառն է»:
Անդրադառնալով Եգիպտոսի մէջ ապրող հայերուն՝ Զաւէն Լիյլոզեանը նշեց, որ հայերն ու հայկական կառոյցները չեն տուժած 2011-ի այս օրերու դէպքերէն ու անոր առաջացուցած ցնցումներէն: «Հատուկենտ հայ դիտորդ-մասնակիցներ եղած են, անոնք ալ պարզապէս կը բնակէին Թահրիր հրապարակին շատ մօտ եւ հետաքրքրութեան համար փողոց դուրս եկած էին: Հայերն ընդհանրապէս հեռու էին: Այս յեղափոխութեան ժամանակ տուժեցին եգիպտացի քրիստոնեաները՝ ղպտիները, որոնք պատմականօրէն ոտնահարուած իրաւունքներ ունին, եւ կարծեցին, թէ յեղափոխութիւնն իրենց իրաւունքները պիտի վերադարձնէ. օր մըն ալ ցոյցի գացին ռատիոհեռուստատեսութեան շէնքի մօտ, եւ անոնց վրայ ուղղակի կրակեցին, ու ատոր համար ոչ ոք պատժուեցաւ»:
Ըստ մեր զրուցակիցի՝ դուրսը ապրող հայերն առհասարակ կ'աշխատին չխառնուիլ իրենց երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող նման իրադարձութիւններուն: «Հայն իր երկրէն դուրս միշտ փնտռած է կայուն բնակավայր, ուր կրնայ աշխատիլ, եկամուտ ստանալ եւ հանգիստ ապրիլ: Սա սովորաբար դուրսը ապրող հայերու մտածողութիւնն է: Եւ այն երկիրները, ուր կայունութիւնը խախտուած է, հայերը դուրս եկած են եւ աւելի ապահով վայրեր գացած են:
Ինչպէս Մերձաւորարեւելեան բոլոր երկիրներէն, Եգիպտոսէն ալ վերջին տարիներուն հայերու մեծ գաղթ եղած է: Յեղափոխութենէն առաջ գաղութը արդէն տկարացած էր, յեղափոխութենէն ետք աւելի թուլացաւ: Եգիպտոսի մէջ հայերու ամենամեծ թիւը, որ մենք մինչեւ հիմա ունեցած ենք, եղած է նախքան 1946-ի մեծ ներգաղթը՝ քառասուն հազար հայ: Այսօր, ցաւով կ'ըսեմ, որ երկրին մէջ լաւագոյն պարագային 1000-1500 հայ կայ: Տուժած է նաեւ հայկական միութիւններու աշխատանքը: Շէնքերը կան, բայց հայ չկայ անոնց մէջ: Մեր խմբագրութիւնն ալ կայ, ութ յարկանի պատմական շէնք է, մէջը հայ չկայ…»,- ցաւով նշած է Եգիպտոսի հնագոյն հայկական թերթերէն մէկու խմբագիրը, որ արդէն տեղափոխուած է Հայաստան եւ Հայաստանէն կը վարէ համացանցային թերթի աշխատանքները:
Նիւթը ՝ Անոյշ Թրվանցի
«Ալիք-Մէտիա»