image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիական բանակը յայտարարած է Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին մէջ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու մասին

Սուրիական բանակը յայտարարած է Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին մէջ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու մասին

Սուրիական բանակի ռազմական գործողութիւններու խորհուրդը յայտարարած է յունուար 10-ի ժամը 15։00-էն Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին մէջ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու մասին։

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը։

Նշուած է, որ Շէյխ Մաքսուտի մէջ մնացած Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու այն զինեալները, որոնք թաքնուած էին շրջանի «Եասին» հիւանդանոցին մէջ, պետք է յանձնեն իրենց զէնքերը եւ հեռանան դէպի Թապքա՝ Եփրատէն արեւելք։

Շէյխ Մաքսուտէն աստիճանաբար պէտք է դուրս գայ նաեւ սուրիական բանակը՝ առողջապահական ու պետական ենթակառոյցները յանձնելով պետական հաստատութիւններուն։